Նախագահ Սլէյման Այսօր Լիբանանցիներուն Կը Փոխանցէ Անկախութեան Տօնին Պատգամը

Նախագահ Սլէյման` Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախարարներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախարարներ Ղազի Արիտին, Ալաէտտին Թըրրոն եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասերը, որոնք նախագահ Սլէյմանը տեղեակ պահեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան մասին:

Նախագահ Սլէյմանի այցելող պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան նպատակն է լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում յառաջացնել:

Պատուիրակութիւնը ընդգծեց, որ այս քայլը կը միտի զօրակցիլ նախագահ Սլէյմանի կողմէ ուղղուած ազգային երկխօսութեան կոչերուն:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան տագնապէն դուրս գալու կարեւորութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի եւ հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Միշել Խուրի:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման այսօր պիտի արտասանէ պատգամ մը` Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակին առիթով:

Կը նախատեսուի, որ նախագահ Սլէյման իր պատգամին մէջ շեշտէ ազգային երկխօսութեան եւ ազգային միասնականութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ պիտի ուղղէ Լիբանանը պահպանելու Սուրիոյ տագնապին եւ Կազայի պատերազմին հաւանական հետեւանքներէն:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի այցելուները շեշտեցին, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով հանրապետութեան նախագահը կառչած կը մնայ սահմանադրական իր իրաւունքներուն:

Share this Article
CATEGORIES