«Լիբանանի Սպառնացող Վտանգները Արտաքին Են, Իսկ Լիբանան Ժամանած Սուրիացի Գաղթականները Կ՛Անտեսուին» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը հասած է վտանգաւոր հանգրուանի մը, որովհետեւ այդ գաղթականները մեծ թիւերով տարածուած են ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Այս շրջագիծին մէջ զօր. Աուն Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեց այդ գաղթականներուն պաշտօնական թիւերը հրապարակել:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը պահանջեց լիբանանեան հողերուն ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել` աւելցնելով, որ կարելի չէ այս աստիճան անտեսումի քաղաքականութիւն վարել սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ:

«Այս հարցը կը վերաբերի մեր բոլորին, ըլլանք պատասխանատուներ թէ քաղաքացիներ, հետեւաբար 15 օրէն պէտք է լիբանանեան պետութեան մօտ ըլլան այս հարցին վերաբերող բոլոր տեղեկութիւնները», ըսաւ ան:

Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահանջող քաղաքական բոլոր կողմերուն ուղղելով իր խօսքը` զօր. Աուն շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ աւելորդաբանութիւններուն, «եւ արդէն իսկ բաւարար է, որ անոնք իւրացուցած են մեր կարգախօսը», ըսաւ ան:

«Քազինօ տիւ Լիպան»-ի պաշտօնեաներուն անարդար կերպով գործէ արձակումին վերաբերող թղթածրարին ակնարկելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ այդ հարցը լուծուելու ուղիին վրայ կը գտնուի` շեշտելով, որ պէտք է հետաքննութիւն բանալ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի վարչութեան գործելաձեւին շուրջ` բացայայտելու մսխումի եւ վարչութեան թերացումի իսկութիւնը:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ եթէ Միջերկրական ծովէն դիտենք Լիբանանը, ապա մենք զայն պիտի տեսնենք կրակով շրջապատուած` նշելով, որ Լիբանանը պահպանողը անոր ազգային միասնականութիւնն է:

Կազայի դէմ պատերազմին մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ արաբական երկիրները պէտք է զինեն պաղեստինեան դիմադրութիւնը, եթէ անոնք իսկապէս կը պաշտպանեն պաղեստինեան դատը եւ արդար կը տեսնեն զայն:

 

Share this Article
CATEGORIES