Սապունճեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Սապունճեան եւ Սապար

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Ռաֆֆի Սապարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Հնդկաստանի միջեւ տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն վերաբերող գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Սապար յայտնեց, որ Հնդկաստանի տնտեսութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է համաշխարհային տնտեսութեան: Ան աւելցուց, որ Հնդկաստանի մէջ տարեկան 6,5 առ հարիւր համեմատութեամբ տնտեսական աճ կ՛արձանագրուի:

Սապար շեշտեց, որ Հնդկաստանի եւ Լիբանանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացումը անհրաժեշտ են:

Share this Article
CATEGORIES