Ուաթքինզ Կ՛այցելէ Լիբանան Ժամանած Սուրիացի Գաղթականներուն

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ընդհանուր ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզ երէկ այցելեց Ուատի Խալետ, ուր ստուգեց Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը:

Իր կատարած այցելութենէն ետք, Ուաթքինզ Աքքարի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ կառուցելու հաւանականութեան մասին քննարկումներ կատարած է լիբանանեան պետութեան հետ, եւ անոնցմէ ի յայտ եկած է, որ նման գաղթակայաններու կառուցումը շատ աւելի մեծ տաղտուկ է եւ հարցերը կը բարդացնէ` զանոնք լուծելու փոխարէն:

Ուաթքինզ նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը սուրիացի գաղթականներուն սնունդ եւ հիւրասիրութիւն կը տրամադրէ, սակայն Լիբանան կարողութիւն չունի յաւելեալ գաղթականներ ընդունելու: Ուաթքինզ աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականները խորքին մէջ լիբանանցիներ են, որոնք պսակուած են եւ բնակութիւն հաստատած Սուրիոյ մէջ: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ զինեալ միջադէպերուն եւ ապա ռմբակոծումներուն սկսելէն ետք անոնք վերադարձած են Լիբանանի մէջ գտնուող իրենց գիւղաքաղաքները: «Սակայն հարցը հիմնականին մէջ կը կայանայ հոն, որ անոնք կորսնցուցած են իրենց փաստաթուղթերը եւ ոչ մէկ փաստ ունին, որ լիբանանցի են, իսկ նոր փաստաթուղթեր ունենալը մեծ գումարներու կը կարօտի», ըսաւ Ուաթքինզ:

Ուաթքինզ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը մտահոգիչ է` աւելցնելով, որ իրենք կոչ ուղղած են լիբանանեան պետութեան որդեգրելու ապահովական անհրաժեշտ քայլերը եւ պահպանելու շրջանին, յատկապէս սահմանամերձ գիւղաքաղաքներուն բնակչութեան անվտանգութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES