«Սահմաններուն Բացումն Ու Կազայի Դիմադրութեան Հրթիռներ Հասցնելու Աշխատանքը Առաջնահերթ Պարտականութիւն Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի սգատօնին առիթով նախանցեալ օր իր արտասանած պատկերասփռուած ճառին մէջ դրուատեց պաղեստինեան դիմադրութիւնը եւ անոր պայքարի բարձր ոգին, որ կը մղէ զայն տոկալու թշնամի Իսրայէլի բռնարարքներուն դիմաց: Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ կան թիրախներ, որոնք վերստին կը ռմբակոծուին, որովհետեւ Իսրայէլի թիրախները արդէն իսկ սպառած են:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ դէպի Կազա սահմաններուն բացումը եւ պաղեստինեան դիմադրութեան հրթիռներ հասցնելու աշխատանքը առաջնահերթ պարտականութիւն է` աւելցնելով, որ Կազայի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմին առնչութեամբ Արաբական լիկային կեցուածքը դատապարտելի է:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց նաեւ, որ կարգ մը արաբներ մեղսակցած են Կազայի շրջափակումին` ընդգծելով, որ իսկական արաբականութիւնն ու իսլամութիւնը կը նշանակեն, որ արաբական երկիրները դէպի Կազա զէնք ու զինամթերք հասցնեն:
«Իրան, Սուրիա եւ Հըզպալլա մնայուն կերպով պիտի զօրակցին Կազայի ու անոր բնակչութեան, եւ ինչպէս միշտ, այսօր` այս տագնապին ընթացքին եւս, նեցուկ պիտի կանգնինք Կազայի», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

