Բանակին Փորձերը Կ՛անդամալուծեն Պէյրութը

Հակառակ անոր որ Լիբանանի մէջ երթեւեկի խճողումը բնական երեւոյթ է, սակայն երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն արձանագրուած խճողումը վերածուեցաւ ահաւոր մղձաւանջի, երբ Պէյրութէն դէպի արուարձաններ եւ այլ նահանգներէն Պէյրութ ուղղուող եւ իրենց աշխատանքներուն հասնիլ փորձող քաղաքացիները ստիպուեցան քանի մը ժամ բանտարկուիլ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ եւ առաւելագոյնը կէս ժամ տեւող ճամբան վերածել երկու ժամի, երեք ժամի եւ աւելի:

Երթեւեկի այս խճողումին պատճառն էր բանակը, որ Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութեան առիթով նաւահանգիստի շրջանին մէջ տողանցքի իր փորձերը կը կատարէր:

Աւելի ուշ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներում հայցեց լիբանանցիներէն իր պատճառած խճողումին համար եւ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն վաղը` հինգշաբթի, 22 նոյեմբերին, հետեւելու երթեւեկի իմաստով իր ցուցմունքներուն:

Հետեւաբար Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակը լիբանանցիներուն համար պիտի ըլլայ անմոռանալի օր մը` Լեռնալիբանանէն եւ Քեսրուանէն դէպի Պէյրութ տանող մայրուղիին վրայ արձանագրուած արտակարգ խճողումին պատճառով:

Ինքնաշարժներուն տեղքայլը արձանագրուեցաւ Ֆենիսիայի փապուղիին վրայ` հասնելով մինչեւ Ժըմմէյզէ, Սայֆի, Մոնրօ փողոց, Շարլ Հըլու, Քարանթինա, Մար Մըխայէլ, Սեսին հրապարակ, «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցի շրջակայքը, Տորա, Նահր Մոթ, Ժալ էլ Տիպ, Անթիլիաս, Տըպպայէ եւ այլ շրջաններ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES