Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի կացութիւնը շարունակէ իր ներկայ ընթացքը, ապա կարելի չէ թէ՛ ներկային եւ թէ՛ ապագային նկատմամբ վստահութիւն ունենալ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի յայտնած է, թէ լիբանանեան ներքին քաղաքական փոփոխութիւնները Լիբանանի ապահովական կայունութեան չեն ծառայեր:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքները տղայական են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ բանակին միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք պիտի մասնակցին Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակի նշումին, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի դէմ կեցուածք չեն ճշդած:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ անկախութիւնը հետեւողական պայքարի արդիւնք է եւ անիկա ազդակ մըն է պահպանելու Լիբանանի ուժն ու հզօրութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պահանջն է չէզոք կառավարութիւն մը կազմել, որպէսզի անոր պաշտպանութիւնը կարելի ըլլայ լուրջ տարակարծութիւններու պարագային:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի: Հանդիպումէն ետք Աուն ըսաւ, որ շէյխ Քապալան հաստատած է, որ Լիբանանի փրկութեան լաստը ազգային երկխօսութիւնն է, իսկ փողոցը ոճրագործ է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ մօտիկ ապագային հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը պիտի գումարուի:

