Իրաքեան Բանակին Եւ Քիւրտերու Միջեւ Բախումներու Պատճառով Իրաքցի 12 Զինուոր Սպաննուած Է
Թրքական «Հապեր3» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրաքի կեդրոնական իշխանութեան եւ հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանին միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը երկուշաբթի գիշեր վերածուած է զինեալ բախումի, որուն պատճառով սպաննուած են 12 իրաքցի զինուորներ եւ խաղաղ բնակիչ մը:
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի եւ Իրաքի կառավարական զօրքերուն միջեւ բախումները տեղի ունեցած են Թիքրիթ քաղաքին մօտ:
Իրաքի կեդրոնական իշխանութեան զօրքերը երկուշաբթի գիշեր փորձած են մուտք գործել քրտական ինքնավարութեան տարածք, սակայն քրտական մարզի ղեկավար Մեսութ Պարզանիի հրահանգով քիւրտ զինեալները արգելք հանդիսացած են անոնց մուտքին` վնաս հասցնելով կառավարական զօրքերուն:
CATEGORIES Միջազգային

