Հակառակ Անպաշտօն Զինադադարի Մասին Տեղեկութեանց Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Ռմբակոծումները Կազայի Դէմ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կանաչ լոյս տուած է գործադրելու զինադադարի անգիր եւ ոչ պաշտօնական համաձայնութիւն մը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէր երէկ գիշերուընէ սկսեալ: Կը նախատեսուէր, որ անիկա տեղի ունենայ կէս գիշերէն ետք ժամը 1:00-ին` զուգադիպելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Իսրայէլ այցելութեան, սակայն մինչեւ թերթին տպագրութեան յանձնուիլը Իսրայէլ առաւել բուռն կերպով կը ռմբակոծէր Կազան:

Քլինթըն կէս գիշերին հասաւ Թել Աւիւ, ուր յայտարարեց, թէ «Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին դադրեցնել զինեալ գործողութիւնները եւ խաղաղութիւն հաստատել Միջին Արեւելքի մէջ»:

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի երէկ օրուան ընթացքին արդէն յայտարարած էր, որ «պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ բանակցութիւնները յառաջիկայ ժամերուն դրական արդիւնքներու պիտի հասնին»` նշելով, որ «Կազայի դէմ յարձակումը այսօր վերջ պիտի գտնէ»:

Զարգացումները

«Մայատին»-ի աղբիւրները երէկ յայտնեցին, որ Իսրայէլ զինադադարի փաստաթուղթը կը մերժէ եւ 90 օր տեւողութեամբ զինադուլ կ՛առաջարկէ: Իսրայէլ նաեւ կտրուկ կերպով մերժած է Կազայի շրջափակումը վերցնել եւ ահաբեկումները դադրեցնել: Պաղեստինեան խմբաւորումները իրենց կարգին կտրուկ կերպով մերժած են իսրայէլեան առաջարկը: Իսրայէլի կողմէ զինադադարի մերժումէն ետք պաղեստինեան խմբաւորումները յայտարարեցին, որ բոլոր ընտրանքները ի զօրու են: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնած է. «Համաս այս առաւօտ Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումները աշխուժացուց»:

Պաղեստինցիները երէկ «Ֆաժր-5» տիպի հրթիռով մը հարուածեցին Թել Աւիւը, ինչպէս նաեւ հրթիռներ արձակեցին Քիրիաթ Մալախի, Պիր Թոպիա, Աստոտ, Աշքոլ, Ստերոթ, Տոթ Հանիւիւ, Ռահեթ, Պենի Շամուն եւ Մերհաւիմ բնակեցման վայրերուն դէմ: Ռայշիուն Լացիունի մէջ շէնք մը հրթիռարձակումներու թիրախ դառնալով փուլ եկաւ: Ամէնէն շատ հարուածներ ստացաւ Բերսեբան:

Իսրայէլ իր կարգին շարունակեց Կազայի դէմ իր օդային հարուածները: Կազայի մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 135-ի, իսկ վիրաւորներունը` 1050-ի:

Տիրող կացութեան մէջ Եգիպտոս երէկ առաւօտեան դարձեալ միջամտեց եւ զինադադարի հաստատման նոր բանակցութեանց ձեռնարկեց: Նշենք, որ եգիպտական կողմը երկուշաբթի գիշեր Իսրայէլի փոխանցեց զինադադարի հաստատման առաջարկ-բանաձեւ մը: «Հաարեց» երէկ առտու հաղորդեց, որ իսրայէլացի 9 նախարարներէ կազմուած յանձնախումբը աւարտած է իր երկարատեւ ժողովը եւ որոշած Եգիպտոսի միջնորդութեամբ դիւանագիտական բանակցութեանց յաւելեալ ժամանակ տալ:

Քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւր մը իսրայէլեան «Ուալահ» կայքէջին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն խնդրած է դիւանագիտական ջանքերուն 24 ժամ ժամանակ տալ: Իսրայէլ դիւանագիտական ջանքերուն յաւելեալ առիթ տալու համար որոշեց Կազայի դէմ ցամաքային գործողութեան որոշումը առկախել: Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի նախկին պետ Տան Հալոց իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «երաշխաւորուած չէ, թէ Կազայի մէջ ցամաքային գործողութիւն մը զինուորական ձեռքբերումներու պիտի առաջնորդէ»:

Քասսամի ջոկատներու հրամանատարը երէկ յայտարարեց, որ «ցամաքային պատերազմը, զոր կը սպառնան շղթայազերծել, (իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող) գերիները ազատ արձակելու յոյսը պիտի ըլլայ»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Իսրայէլ խորհրդարանական ընտրութիւններէն երկու ամիս առաջ ցամաքային գործողութիւն մը ձեռնարկելու որոշում չի կրնար տալ:

Մինչ այդ, ըստ «Հաարեց»-ի կայքէջին, Նեթանիահու մերժած է զինադադարի հաստատման ֆրանսական-քաթարական նախաձեռնութիւն մը: Ան Ֆապիւսին յայտնած է, որ Իսրայէլ եգիպտական միջնորդութիւնը չխանգարելու համար ֆրանսական-քաթարական նախաձեռնութեամբ չէ հետաքրքրուած:

Կեցուածքներ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի մասնակցի Կազայի մէջ երկարատեւ որեւէ լուծումի` եթէ անիկա գոյանայ, սակայն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ընդգծեց, որ «պիտի տատամսինք դիմելու զինուորական գործողութեան մը, որ վերջնական լուծում մը կը նկատենք»:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Համաս պէտք է Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումները դադրեցնէ, իսկ Եգիպտոս կրնայ Կազայի տագնապի լուծման մէջ գործընկեր ըլլալ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ «քաղաքայիններու պաշտպանութեան մարդասիրական միջազգային օրէնքներուն պէտք է անպայման յանձնառու ըլլալ»` նշելով, որ «պատգամս յստակ է. Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ զինարձակումը պէտք է անմիջապէս դադրեցնել, ինչպէս նաեւ որեւէ մագլցում ամբողջ շրջանը պիտի վտանգէ»:

«Բոլորը պէտք է մագլցումէ զգուշանան եւ դադրեցուի ցամաքային յարձակումը, որ յաւելեալ կորուստներու պիտի առաջնորդէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «պէտք է երկու պետութեանց միջեւ բռնարարքներու դադրեցման համար ջանքեր թափուին եւ բռնագրաւումին վերջ տալու համար պէտք է բանակցութիւններ կատարուին»:

Ան Իսրայէլի կոչ ուղղեց բռնարարքները դադրեցնելու եւ միջազգային օրէնքներու իր յանձնառութիւնները յարգելու` նշելով, որ Կազայի մէջ ցամաքային որեւէ գործողութիւն վտանգաւոր մագլցումի պիտի առաջնորդէ:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին յայտնեց, որ «կարեւորը Կազայի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար հաստատելն է»` նշելով, որ «խաղաղութեան հոլովոյթի ներկայ սառեցումը ժամանակի կորուստ է»: «Պէտք է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ բանակցութեան մեքանիզմը վերատեսութեան ենթարկել», նշեց Արապի:

Էրտողան. «Իսրայէլ Ահաբեկչական
Պետութիւն Է»

Ռուսական «Վրեմիա» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ «Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարող Իսրայէլը ահաբեկչական պետութիւն է»:

«Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն է: Այն ինչ որ այդ երկիրը Կազայի մէջ կը կատարէ, ինքնին ահաբեկչութիւն կը նկատուի», յայտարարած է Էրտողան:

Բացի ատկէ, Էրտողան միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած է` յստակ դիրքորոշում որդեգրելու Կազայի մէջ տիրող անարդարութեան վերաբերեալ: Էրտողան ՄԱԿ-ը մեղադրած է անգործութեան համար` նշելով, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չի վստահիր այդ կազմակերպութեան:

«Աշխարհի գերտէրութիւններու ղեկավարները կը յայտարարեն, որ Իսրայէլ ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը կ՛օգտագործէ: Սակայն այդ երկիրը ե՛ւ կը յարձակի, ե՛ւ ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը կ՛օգտագործէ: Ատիկա ինչպիսի՞ արդարութիւն է», նշած է Էրտողան:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ Միացեալ Նահանգներու ընդդիմութեան պատճառով ձախողեցաւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ որոշում մը հրապարակելու:

Թել Աւիւի Ամերիկեան Դեսպանատան
Մէջ
Միջադէպ

Իսրայէլեան ոստիկանութենէն բանբեր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թել Աւիւի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան պահակները իրենց վրայ դանակով յարձակում գործած անձի մը ուղղութեամբ կրակ բացած են: Կասկածելին ժամը 11:00-ին դանակով եւ կացինով զինուած ամերիկեան դեսպանատուն եկած է եւ պահակներէն մէկուն վրայ յարձակած է: Պահակը ոտքէն վիրաւորուած է: Դեսպանատան ապահովութեան անդամները ստիպուած անոր վրայ կրակ բացած են:

Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ կասկածելին «արաբ չէ եւ չվիրաւորուեցաւ»: Ան Թել Աւիւի հարաւը գտնուող Պաթ Եամ գիւղի բնակիչներէն է:

Դէպքը պատահած է դեսպանատան մուտքի դրան առջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES