«Սուրիոյ Տագնապին Շուրջ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Հասարակաց Ուղղուածութիւն Մը Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Լաւրով

Քլինթըն – Լաւրով հանդիպումէն պահ մը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Քամպոտիոյ մայրաքաղաք Փնոմփենի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի ՔԼինթընի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Սուրիոյ տագնապին շուրջ հասարակաց ուղղուածութիւն մը չէ ճշդուած:

Ան ըսաւ, որ «մենք կառչած ենք Ժընեւի յայտարարութեան, որ կոչ կ՛ուղղէ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ համաձայնութեան մը հիմամբ փոխանցման վարչական մարմինի մը կազմութեան, սակայն ատոր հասնելու համար, ըստ Ժընեւի յայտարարութեան, ընդդիմութիւնը պէտք է միաւորուի»` նշելով, որ «Տոհայի մէջ որդեգրուած փաստաթուղթը կը յայտնէ, որ ընդդիմութեան գլխաւոր նպատակը վարչակարգի տապալումը եւ գործնականապէս պետութեան բոլոր կառոյցները լուծարելն է: Մենք այդ բոլորը Իրաքի մէջ տեսանք եւ կը յիշենք, որ իրաքցի ժողովուրդը ատոր գինը սուղ վճարեց»:

Լաւրով յայտնեց, որ Քլինթընին հարց տուած է, թէ ամերիկացիները այս կացութեան յառաջմղումը ինչպէ՞ս կը տեսնեն, սակայն վերջնական պատասխան չէ ստացած: «Ան ինծի միայն վստահեցուց, որ Ժընեւի համաձայնութիւնները Միացեալ Նահանգներու տեսադաշտին մէջ կը մնան», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ «մենք վստահ ենք, որ ատիկա տեղի չ՛ունենար, եւ պէտք չէ որոշումները փոխան սուրիացի ժողովուրդին որդեգրուի, այլ պէտք է ասոնք եւ անոնք սեղանի շուրջ նստեցուին: Համաձայնեցանք այս հարցին շուրջ քննարկումներ կատարելու, որովհետեւ կացութիւնը շատ լարուած է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու նախքան Կազա ուղղուիլը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «թուրք-սուրիական սահմանին վրայ բախումներու կշռոյթը բարձրացաւ եւ («Փաթրիոթ») հրթիռներու տեղակայումը նախազգուշական եւ որեւէ յարձակում կանխարգիլելու քայլ է, որովհետեւ թուրք-սուրիական սահմանը ՕԹԱՆ-ի հետ սուրիական սահման է: Պէտք է ամէնուրեք ՕԹԱՆ-ի սահմանները պաշտպանել, եւ նաեւ սահմանները պաշտպանելու համար համաձայնութիւն գոյութիւն ունի»:

«Բանակցութիւնները իրենց վերջին հանգրուանին հասան, եւ պաշտօնական փոխանցումը մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ: Քիչ առաջ Պրիւքսելի մէջ մեր բարեկամներուն հետ խօսեցանք, բանակցութիւնները վերջին հանգրուան հասած են եւ ՕԹԱՆ-ի պաշտօնական դիմում ներկայացնելէ ետք լրատուամիջոցները տեղեակ պիտի պահենք, սակայն հաստատ է, որ այս քայլը նախազգուշական եւ կատարելապէս պաշտպանական է` կանխարգիլելու համար թրքական սահմանին վրայ որեւէ անմիջական զարգացում, ինչ որ կը բխի թուրք ժողովուրդը պաշտպանելու պատասխանատուութենէն»:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց. «Պիտի շարունակենք սուրիական ընդդիմութեան զօրակցիլ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով Պոլսոյ մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սապրայի հետ:

Մինչ Ռիֆ Տիմաշքի եւ Հոմսի մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենային, սուրիական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ «ահաբեկիչներ» Դամասկոսի մէջ հրասանդի 2 հրթիռներով թիրախ դարձուցած են Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութեան շէնքը, ուր նիւթական վնասներ արձանագրուած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES