Բախումներ` Քեսապի Շրջակայքը

Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ հաղորդեց, թէ երկու օրէ ի վեր Լաթաքիոյ նահանգին պատկանող հայաբնակ Քեսապի շրջակայքը թատերաբեմ դարձաւ բուռն մարտերու բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ: Թէեւ Քեսապէն ներս թափանցումներ եւ դէպքեր տեղի չունեցան, սակայն զարկերու եւ ընդհարումներու ընթացքին զարնուեցաւ Քեսապի ելեկտրական կայանը, որուն պատճառով շրջանը զրկուած է հոսանքէ: Խանգարուած են նաեւ հաղորդակցութեան միջոցները:

Ինչ կը վերաբերի Հալէպ քաղաքին, Ժիրայր Ռէյիսեան ընդգծեց, որ քաղաքին մէջ իրավիճակը կարելի է նկատել հանդարտ, յատկապէս երբ զգալիօրէն նուազած են զարկերու եւ ռմբակոծման ձայները: Սակայն ստացուած վերջին լուրերուն համաձայն, Գամիշլիէն Հալէպ ճամբուն վրայ հանրային փոխադրակառքէ մը առեւանգուած է հայ երիտասարդ մը եւս, որուն մասին մանրամասնութիւններուն ստուգումները ընթացքի մէջ են:

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ թէեւ վերջին շրջանին ընդդիմութիւնը տարածած էր «Դամասկոսի մարտ»-ի հանգրուանին սկսելու վերաբերեալ տարաձայնութիւններ, սակայն Դամասկոսի արուարձաններու մէջ կը շարունակուին մարտերը, իսկ մայրաքաղաքը ականատես կ՛ըլլայ որոշ զարգացումներու:

Վերջին երկու օրերուն բարձրացած է բռնութեան մակարդակը, որ հետզհետէ կը դրսեւորուի տարբեր երեւոյթներով. քաղաքային մարդատարի պայթումով, որ պատահեցաւ իշխանամէտ բնակչութեամբ ծանօթ շրջանի մը մէջ, այս պատճառով ալ զոհուեցան տասնեակ մը անմեղ քաղաքացիներ: Որոշ մեկնաբաններու համաձայն, նման երեւոյթ ցուցանիշ է ոչ միայն բռնութեան մակարդակի սաստկացման, այլ նաեւ համայնքային ոճին, որ յիշողութիւններուն մէջ կը մտաբերէ ութսունականներուն կատարուած դէպքերը:

Բռնութեան մակարդակի երկրորդ երեւոյթը կը կայանայ պատահական հրասանդի հրթիռներու արձակման մէջ. այդ հրթիռները կը հասնին մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ գտնուող հանդարտ եւ խաղաղ թաղամասերը, ինչպէս` Թլիանի, Ապպասիին եւ Մազզէ: Նման երեւոյթ մը կը բացատրէ զինեալներու կարողականութեան բարձրացման կարելիութիւնը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ հրասանդներու կամ այլ հրթիռներու միջոցով, որոնք կը գերազանցեն աւանդական զինամթերքը, յառաջանալ գետնի վրայ եւ հասնիլ բնակելի թաղամասեր:

Այս իմաստով ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ երէկ Մազզէի միջազգային մայրուղիին վրայ գտնուող «Պաաս» թերթի եւ տեղեկատուութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Գրողներու միութեան շէնքերը ենթարկուեցան հրասանդի հրթիռներու հարուածներու, իսկ երեկոյեան յայտնի Ապու Ռըմանէ թաղամասը ականատես դարձաւ նաեւ հրասանդի հարուածի մը` պատճառելով նիւթական վնասներ:

Share this Article
CATEGORIES