Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արաբական Ծոցի Քրիստոնեայ Համայնքներու Ներկայացուցիչները
Ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Քուէյթի, Քաթարի, Պահրէյնի, Օմանի, Սէուտական Արաբիոյ, Տուպայի, Ապու Տապիի եւ Շարժայի մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ նոյն շրջանի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յիշեալ շրջանի քրիստոնեայ համայնքներու պատասխանատուները Լիբանան եկած էին մասնակցելու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած յատուկ համագումարի մը, որուն նպատակն էր նոյն շրջանին մէջ միջեկեղեցական գործակցութեան մարմին մը յառաջացնել:
Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութեան եւ ընկերային արդարութեան բաժանմունքի տնօրէն Սեդա Խտըշեան խօսք առնելով պարզեց տեղի ունեցած համագումարին նպատակը եւ անոր ընթացքին տրուած որոշումները: Ան յայտնեց, որ այցելած էին վեհափառ հայրապետին` իբրեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին նախագահներէն մէկը եւ միջեկեղեցական հարցերու քաջատեղեակ անձ` ունենալու իր թելադրութիւնները:
Ողջունելով Արաբական Ծոցի շրջանին մէջ միջեկեղեցական կառոյց մը յառաջացնելու որոշումը` վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ կէտերուն մէջ.-
ա) Միջեկեղեցական շարժումը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան էական առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Եկեղեցին չի կրնար դառնալ ինքնագոյ ու ինքնանպատակ: Քրիստոսի մարմնին անդամ ըլլալով` ոեւէ եկեղեցի կոչուած է իր կեանքը ապրելու ու իր վկայութիւնը կատարելու նոյն մարմնի միւս անդամներուն հետ մնայուն գործակցութեան մէջ ըլլալով:
բ) Միջեկեղեցական շարժումը կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենայ իր շրջապատը, անոր կրօնական-քաղաքական ու ընկերային-տնտեսական կեանքը, եւ այդ բոլորին առնչուած մտահոգութիւններն ու զգայնութիւնները: Հետեւաբար, միջեկեղեցական կառոյցը շրջանին մէջ պէտք է գործէ այնպէս, որ համապատասխանէ իր միջավայրի իւրայատկութիւններուն:
գ) Կ՛ապրինք վերիվայրումներով, նոր զարգացումներով ու երեւոյթներով լեցուն ժամանակաշրջանի մը մէջ Միջին Արեւելքի մէջ: Տեղ մը կրօնական ծայրայեղութիւններ, այլ տեղ մը քաղաքական զգայնութիւններ երբեմն մեզ կը դնեն որոշ դժուարութիւններու դիմաց: Այս ուղղութեամբ պէտք է ըլլալ ուշադիր. ձեր համայնքները Արեւմուտքին հետ պէտք չէ գտնուին այնպիսի յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ, որոնք կրնան դուռ բանալ զգայնութիւններու տեղական իշխանութիւններու մօտ` նաեւ վնասելով Միջին Արեւելքին առնչուած քրիստոնեայ համայնքներու կեանքին ու առաքելութեան:
դ) Շրջանը մաս կը կազմէ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի պատասխանատուութեան: Հետեւաբար, խորհուրդի մարմիններուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն հետ պէտք է շրջանի կապը ըլլայ անմիջական ու մնայուն:
Ապա, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իր կատարած թելադրութիւններուն ուղղութեամբ կատարուած շարք մը հարցումներու:
Յայտնենք, որ Արաբական Ծոցի շրջաններուն մէջ քրիստոնեայ համայնքներու թիւը սկսած է նոր աճ արձանագրել` յատկապէս վերջին տարիներուն: Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի կողմէ հայթայթուած տուեալներուն համաձայն, 65 տարբեր եկեղեցիներու պատկանող աւելի քան երեք միլիոն քրիստոնեաներ կ՛ապրին այդ շրջաններուն մէջ:

