Մեր Երգ Երգոցը. Փառաւոր Սկիզբ Մը
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Վերջապէս կրցանք խօսքէն գործի անցնիլ: Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութիւնն է, որ իրագործուեցաւ: Երգի մրցանք է, երիտասարդ եւ նորագոյն սերունդը առաջնորդելու դէպի հայկական գեղարուեստի մշակոյթի լաւին, լաւագոյնին:
«Վանայ Ձայն»-ի հովանաւորութիւնը կը վայելէի կիրակի, 17 նոյեմբեր 2012-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած երգի մրցանքը` էսդրատային եւ ժողովրդային երգերով:
Հանդիսականները խուռներամ ներկայ էին, մեծ մասամբ` երիտասարդներ: Բեմը գեղեցկօրէն յարդարուած, գեղատեսիլ մթնոլորտ ծաւալելով: Նկատի առնուած էր ամէն մանրամասնութիւն` յաջողութեամբ աւարտելու մրցանքը:
Դատական կազմի անդամները` Ատիս Հարմանտեան, Պարգեւ Թասլաքեան եւ Շողիկ Թորոսեան ներկայ էին երաժիշտի, երգիչի եւ խմբավարի կարծիքները եւ մատնանշումները կատարելու: Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան իր կարգին մասնակից էր դատական կազմին, կատարած էր իր ցուցմունքները, մրցանքի մասնակցողներուն բեմական կեցուածքին մասին պէտք եղած շարժումները եւ պատշաճութեան հարցերը փոխանցելու:
Նուագախումբը, վարպետ նուագողներէ բաղկացած, կ՛արդարացնէր «Աղթամար» իր անունը: Հետաքրքրական նորութիւն էր հանդիսութեան սկիզբը մրցանքի մասնակցողներուն եւ դատական կազմի անդամներուն մուտքը` որոտագոռ կշռոյթով:
Վարդան Ազնաւորեան իր դերասանի շնորհքով եւ Փաթիլ Տէտէեան նորահաս երիտասարդուհիի բեմական փորձով ջանացին խանդավառել մրցանքին պահանջած մթնոլորտը:
Մրցանքին մասնակիցները` տասը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, երգի ասպարէզէն ներս նորընծայի իրենց շնորհները պիտի ցուցադրէին: Տասը մասնակիցներն էին` Ալիս Իփրաճեան, Յարութ Լափաճեան, Նշան Հաննէշեան, Գոհար Յակոբեան, Պօղոս Մալեան, Նարեկ Շանոյեան, Վարանդա Եագուպեան, Մկրտիչ Աւետանեան, Հայկանա Եագուպեան եւ Դալար Սիմոնեան:
Նախօրօք կատարուած էր փորձ-մրցում մը` դատական կազմի անդամներուն ներկայութեամբ եւ որոշ թելադրանքներ փոխանցելով: Պէտք է վկայել, որ ներկայացած տասը մրցակիցներն ալ ունէին հաճելի, զօրաւոր/տղոց պարագային/, ախորժալուր ձայներ: Մեր կարծիքով, անոնց մեծ մասին պակսողը մեկնաբանութիւն բառին անհասկնալի ըլլալն էր: Երգողը ձայնային ի՛նչ հնչեղութիւն ալ ունեցած ըլլայ, հարկ է իմանայ եւ զգայ մեկնաբանութիւն կարեւոր տուեալին առկայութիւնը: Այս կը նշանակէ, որ երգողը հարկ է կարեւորութեամբ ըմբռնած ըլլայ, նաեւ` զգացած, երգուած երգին յուզական, քնքուշ, քնարական, թախծոտ կամ զուարթ տրամադրութիւնը: Երգեր կային երգողներուն ընտրած թեմաներուն մէջ, մանաւանդ` երիտասարդներուն պարագային, որոնք համահունչ չէին իրենց երգին մեկնաբանութեան: Կարծէք` քայլերգ կ՛երգէին: Օրինակի համար` «Ամպեց, կորաւ լուսնկան», Յովհ. Շիրազի բանաստեղծութեան վրայ հիւսուած, կը պահանջէր քնարական մեկնաբանութիւն, ինչ որ կը հակասէ առնական որքան հիանալի, նոյնքան անյարմար/ այս պարագային/ ձայնին:
Կարելի է նկատողութիւն մը արտայայտել. հանդիսութեան հաղորդավարները պէտք է յայտարարէին նաեւ տուեալ երգին խօսքի եւ յօրինող երաժիշտին անունները, որպէսզի մշակութային գիտելիքները լիարժէք ըլլային:
Հետաքրքրական եւ մասամբ արդար նկատեցինք ներկաներուն կարծիքներուն գնահատականը` 30 առ հարիւրի վրայ, իսկ դատական կազմի վճիռը` 70 առ հարիւրով:
Իւրաքանչիւր երգի կատարումէն ետք դատական կազմի իւրաքանչիւր անդամէն խնդրուեցաւ գնահատել երգողը: Այս պարագային անշուշտ շատ կարեւոր է գնահատական տուողին լեզուական ճկունութիւնը, երաժշտական գիտելիքներու «քերականութիւնը» հայացնելը, ինքնուրոյն միտքեր փոխանցելը հասկնալի հայերէնով: Պարգեւ Թասլաքեան տաղանդաւոր խմբավարը շատ անկեղծ էր եւ հաղորդական, Ատիս Հարմանտեան բացայայտեց վարպետ եւ փորձառու երաժշտագէտի շնորհք մը` մտածուած լեզուով: Շողիկ Թորոսեան դասական երգչուհի ըլլալով` կրցաւ խօսիլ նոթաներու տեղադրուած ըլլալուն կամ երգելը շարունակելու անհրաժեշտութեան մասին:
Արդիւ՞նքը: Տասը մրցակիցներէն չորսը տուժեց: Այսուհանդերձ, դատական կազմի անդամներ եւ հաղորդավարներ ամենայն անկեղծութեամբ թելադրեցին բոլորին` չվշտանալ, այլ` շարունակել երգել, մինչեւ որ դառնան լիարժէք երգիչ: Յիշենք նաեւ Պարգեւ Թասլաքեանին այն յայտարարութիւնը, թէ` «երգողը ուրիշ է, երգիչը` ուրիշ: Նոյն արժէքը չունին` այսինքն…
Յաջողութեամբ պսակուեցաւ ձեռնարկը, որուն նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար եղան ԳՈՀԱՐ երգի ու երգչախմբային արուեստի տնօրէնութիւնը, Այանեան հաստատութիւնը, ԱՖՀԻԼ եւ «Փոլօ Թրաւըլ»:
Հիւր երգիչները ստեղծեցին սքանչելի մթնոլորտ` մրցումին սկիզբին եւ աւարտին: Երգչուհի Իվոն Այվազեան արդէն տիրապետած է երգչուհի դառնալու բախտին, իր հիանալի ձայնով եւ մեկնաբանութեան ոճով:
Անոր ընկերացաւ նաեւ Կարօ Ակոբեան` զուգերգով եւ առանձնաբար:
Մրցանքին երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 22 նոյեմբեր 2012-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Մեր այս գնահատանքի գիրին աւարտին կրնանք միայն շնորհաւորել Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը` հայ արուեստը, երգն ու մշակոյթը պահպանելու իր ջանադիր ու հետեւողական գործունէութեան համար:

