Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ազգային Վարժարանները Նշեցին Լիբանանի Անկախութեան Տօնը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2012-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ նշուեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնը` ներկայութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտներուն, տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմերուն:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար` Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի արաբերէնի ուսուցիչ Ժիւլիեթ Թաննուս: Ան շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնը, բացատրեց օրուան խորհուրդը ու բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յատկապէս լիբանանեան բանակի շեփորախումբին, որ յատուկ հրաւէրով ներկայ էր ձեռնարկին` առաւել եւս փայլք տալու համար անոր:

Այնուհետեւ ասմունքով ելոյթ ունեցան Ազգային Ռուբինեան վարժարանէն Բալիկ Մարսէլեան եւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանէն Ռեւ Դարբինեան:

Լիբանանեան բանակի շեփորախումբը` ղեկավարութեամբ Թոնի Հաննիի, նուագեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող երաժշտական կտորներ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով աշակերտներուն մօտ, որոնք դրօշակները ծածանելով մասնակից դարձան նուագներուն:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Առաջնորդ սրբազան հայրը նշեց, որ հաւաքուած ենք այս սրահին մէջ ամբողջ աշխարհին ապացուցելու, որ Լիբանանը մեծ է եւ պիտի մնայ մեծ իր զաւակներով: Ան դրուատեց բանակի ունեցած հոգատարութիւնն ու զոհողութիւնը հայրենիքի նկատմամբ:

«Ինչ որ կ՛ընէք` լաւը ըրէք, եւ զայն ներկայացուցէք իբրեւ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն լիբանանեան բանակին», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Աւարտին առաջնորդ սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց շեփորախումբի ղեկավար Թոնի Հաննիի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES