Պալամանտի Համալսարանին Մէջ Արուեստագէտ Զոհրապի «Կեանքի Շրջան» Ցուցահանդէսի Բացում
Կազմակերպութեամբ Թրիփոլիի Պալամանտ համալսարանին, երէկ` երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2012-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Զոհրապի անհատական 50-րդ ցուցահանդէսի բացումը` «Կեանքի շրջան» թեմայով:
Այս ցուցահանդէսին Զոհրապ ներկայացած էր 21 իւղաներկ գործերով (մեծ չափ` 2մ-2մ), որոնց բոլորին մէջ կ՛արտացոլայ կեանքի ընթացքը: Գործերը կը ներկայացնեն տարբեր շրջաններ` Զոհրապի մեծ հայրերուն օրերէն մինչեւ այսօր:
Զոհրապ նկատել տուաւ, որ սոյն ցուցահանդէսին մէջ ցարդ իր տուած բոլոր ցուցահանդէսներուն խտացումը կայ. հոս ամփոփուած են բոլոր նիւթերը միասին:
Զոհրապ օգտագործած է վառ, արեւոտ գոյներ` նարնջագոյն, երկնային կապոյտ, նոր թարմ կանաչ: Պաստառները թափանցիկ են, կարելի է հոն տեսնել 20-30 տիպարներ, որոնք կը շարժին, յստակ չեն, այլ` թափանցիկ:
Պաստառներուն մէջ կը տեսնենք Կիլիկիոյ հողերէն մաս մը, որոնք կը պատկանէին արուեստագէտի ծնողքին:
Յայտնենք, որ Զոհրապ ներկայիս կը պատրաստուի 2 այլ ցուցահանդէսներու` նոր միտքով, նոր հոգիով եւ նոր աշխատանքներով:
Ցուցահանդէսը բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 եւ պիտի տեւէ մինչեւ 30 նոյեմբեր:

