39 Թեկնածու` Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններուն
Երէկ` երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2012-ին, յետմիջօրէի ժամը 18:00-ին, փակուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն համար թեկնածութիւններու առաջադրման պայմանաժամը:
Ֆետերասիոնին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ 39 անձեր իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են այդ ընտրութիւններուն` ամբողջացնելէ ետք օրինական պայմանները:
Անոնց կարգին է նաեւ ՀՄԸՄ-ի թեկնածու Եղիա Սրապոնեան, որ արդէն իսկ մաս կը կազմէր ֆետերասիոնին:
Կը գտնուին երկու այլ հայեր ալ` Վիգէն Չերչեան եւ Յարութիւն Զատիկեան:
Ստորեւ կու տանք այդ 39 թեկնածուներուն ցանկը.
Ղազի Ապու Ժաուտէ, Մոհամետ Ռաուաս, Ժորժ Պարաքեթ, Անթուան Խալիլ, Սաատ Սաատ, Ղասսան Ֆարես, Ժաք Ռըսթոմ, Տումեթ Քալլապ, Տենի Հաքիմ, Ժորժ Ֆրանսիս, Հատի Ղըմրաուի, Էլի Ֆարհաթ, Վիգէն Չերչեան, Ֆարես Մըտաուար, Ռոժէ Աշքութի, Նատեր Պասմէ, Մոհամետ Ժարուտի, Մոհամետ Ապու Պաքըր, Ուահիպ Թաթար, Ռամի Ֆաուազ, Մարուն Ժըպրայել, Ռոպեր Ապու Ապտալլա, Ատնան Պալուլի, Մըլհեմ Պուսթանի, Յարութիւն Զատիկեան, Ֆատի Մահֆուզ, Իպրահիմ Մընասսա, Իպրահիմ Տսուքի, Ֆատի Թապեթ, Ուալիտ Տըմիաթի, Ժոզեֆ Ապտել Մասիհ, Զիատ Եազպեք, Քամալ Զընժի, Ճօ Ֆախրի, Զիատ Ապի Խալիլ, Ժան Հաշշաշ, Եղիա Սրապոնեան, Ազզամ Պալթաժի եւ Սամեր Նաում:

