Հեծելարշաւ. Լիբանանի Ախոյեանութեան 2-րդ Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պէյրութի Հեծելանւորդը Հանդիսացաւ Երկրորդ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումը, որ եղաւ ժամացոյցի դէմ մրցում մը (32 քմ): Անիկա տեղի ունեցաւ Քարանթինայէն Հազմիէ երկարող ճամբուն վրայ` մասնակցութեամբ 31 հեծելանւորդներու, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած եօթը ակումբներ: Նշենք, որ այդ 31-էն 25-ը ամբողջացուցին այս հանգրուանը:

Առաջին դիրքը գրաւեց Զահեր Հաժ (Աթլեթիքօ Պէյրութ), որ արձանագրեց 49′ 04″ արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեցին Սալահ Ռապպահ (ՀՄԸՄ Պէյրութ) եւ Նեպիլ Թապպալ (Աթլեթիքօ Պէյրութ), որոնք արձանագրեցին 49′ 54″ արդիւնք մը: 4-րդ դիրքը գրաւեց Խալիլ Ասմար (Աթլեթիքօ Պէյրութ)` 50′ 17″ արդիւնք մը արձանագրելով, իսկ 5-րդ դիրքը` Պասսամ Տըննաուի (Մաան Լուպնան), որ արձանագրեց 50′ 46″ արդիւնք մը:

Ինչ կը վերաբերի խումբերուն ընդհանուր դասաւորման, Աթլեթիքօ Պէյրութ 53 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, ՀՄԸՄ Պէյրութ 2-րդ դիրքը` 37 կէտով, Մաան Լուպնան 21 կէտով` 3-րդ դիրքը, իսկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 4-րդ դիրքը (մէկ կէտով):

Նշենք, որ այս 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ներկայ եղան եւ անոնց հսկեցին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ֆետերասիոնի անդամներ Քայսար Սալլում, Ռոպեր Փաթափութեան, Նազարէթ Հապիպեան, Վազգէն Մելիքեան եւ Ապտօ Նատեր:

Ապա անոնք կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի 3-րդ հանգրուանի մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 25 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Անոր սկիզբի ազդանշանը պիտի տրուի Թապարժա – Քազինոյէն` ուղղուելով դէպի Շեքքա, որմէ ետք վերադառնալով Ժիպէյլ, ապա բարձրանալով Աննայա, որ պիտի ըլլայ ժամանման վայրը:

Հոս տեղին է նշել, որ Ա. հանգրուանի մրցումը յետաձգուած է անորոշ թուականով մը:

Ֆետերասիոնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան վերջին բաժինին մէջ նշեց, որ Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով հինգշաբթի, 22 նոյեմբերին, տեղի պիտի ունենայ տարբեր տարիքներու բաց մրցաշարք մը: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի Նահր Քալպէն` հասնելով մինչեւ Ժիպէյլ, ապա վերադառնալով սկիզբի վայրը:

 

Share this Article
CATEGORIES