Վազքի Մրցում` Լիբանանի Անկախութեան 69-ամեակին Առիթով

Շաբաթ, 17 նոյեմբեր 2012-ին, Անթունիէ վարժարանի մարզական ակումբը ամէն տարուան պէս կազմակերպած էր դրօշարշաւ մը`  «Հայրենիքի սէր» կարգախօսով: Դրօշարշաւը սկսաւ Ռաշայայի Անկախութեան բերդին դիմացէն: Դրօշարշաւին կը մասնակցէին լիբանանեան բանակի զինուորներ եւ Անթունիէի երկսեռ մարզիկները: Առաւօտեան ժամը 7:00-ին դրօշակը սկսաւ իր երթը Ռաշայայէն դէպի Պաապտայի պալատ: Ճամբուն վրայ գտնուող որոշ գիւղերէն մարզիկներ կը մասնակցէին դրօշարշաւի երթին: Սոյն դրօշարշաւը նուիրուած էր Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակին:

Երբ մարզիկները հասան Այնճարի մուտքին, ջերմ դիմաւորումի արժանացան քաղաքապետութեան կողմէ: Այնճար զարդարուած էր Լիբանանի դրօշակներով: Մուտքին հիւրասիրուեցան մարզիկները: Հոն կը գտնուէին քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի ատենապետ Յարութ Զատիկեան եւ այնճարցիներ: Այնճարէն երկու ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ պատրաստ էին մասնակցելու այս դրօշարշաւին:

ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ ծաղկեփունջ մը նուիրեց Անթունիէի հոգեւոր պետ հայր Ճորճ Թահհանի: Ապա Լեւոն Թաշճեան եւ Սիմոն Ներսէսեան դրօշակը յանձն առնելով մասնակցեցան արշաւին: ՀՄԸՄ-ական երկու եղբայրները միասնաբար վազեցին Լեռնալիբանանի գիւղերէն եւ այլ մասնակիցներու հետ հասան նախագահական պալատ: Այնտեղ կը գտնուէին դրօշարշաւին մասնակից գիւղերու քաղաքապետները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Լիբանանի դրօշակը ստացաւ զինուորական մարզիկէ մը, իսկ Անթունիէի ակումբի դրօշակը նախագահին յանձնեց այդ ակումբէն մարզիկ մը: Այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութեամբ: Ապա հանրապետութեան նախագահը խօսք առնելով գնահատեց մարզիկներու կորովն ու հայրենասիրութիւնը: Ան իր հպարտութիւնը յայտնեց, որ երկրին մէջ կային այսպիսի մարզիկներ, որոնք Ռաշայայէն մինչեւ Պաապտա կը վազէին հայրենիքի սիրոյն: Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց մարզիկներն ու ներկաները` Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակն ու ժողովուրդն են, երկրին անկախութիւնը պահողները:

Ապա ներկաները նախագահական պալատ մտնելով շնորհաւորեցին հանրապետութեան նախագահը` անկախութեան տօնին առիթով: Նախագահ Սլէյմանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ մարզիկներու մետալներու տուչութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES