Թենիս. Նալպանտեան` 81-րդ
Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, կը շարունակէ մնալ 81-րդ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 635 կէտ:
Նալպանտեան, որ կողոսկրի վնասուածք ունենալուն պատճառով բացակայեցաւ շարք մը մրցաշարքերէ, այժմ կը պատրաստուի յառաջիկայ 6-9 դեկտեմբերին Պուենոս Այրեսի մէջ տեղի ունենալիք «Քոփա Փեժօ»-ի միջազգային մրցաշարքին:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Նովաք Տիոքովիչ` իր ետին ձգելով Ռոժէ Ֆետերերը եւ Էնտի Միւրէյը, որոնք յաջորդաբար կը գրաւեն երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
CATEGORIES Մարզական

