Այսօր` Պէյրութի Մարաթոնի Միութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Այսօր` չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պէյրութի մարաթոնի միութիւնը պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, ճիշդ այն վայրին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Էշրեֆիէի պայթումը:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին միութիւնը պիտի ներկայացնէ մարաթոնին զուգահեռ կազմակերպուած թելեթոնին մանրամասնութիւնները, միեւնոյն ժամանակ ալ պաշտօնապէս յայտարարելով, թէ ինչպէ՛ս հանգանակուեցաւ 240 հազար ամերիկեան տոլարի գումարը, որ ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Էշրեֆիէի պայթումէն տուժածներուն:

Share this Article
CATEGORIES