Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. 70 Երկիրներու Ներկայացուցիչներ Պիտի Ժամանեն Երեւան
PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութեան պիտի մասնակցին 70 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն` կայքէջը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ մինչեւ 25 նոյեմբեր արդէն իսկ Երեւան ժամանած պիտի ըլլան 12 երկիրներու խումբերը:
Ուսումնամարզական հաւաք կատարելու նպատակով 16 նոյեմբերէն արդէն իսկ Երեւան կը գտնուին Վրաստանի, Յունաստանի եւ Ֆրանսայի խումբերը: Իսկ այսօր այդ ուսումնամարզական հաւաքին կը միանան Ռուսիոյ եւ Իրլանտայի կռփամարտիկները:
CATEGORIES Մարզական

