Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախարարութեան
Մշակոյթի
Ոսկեայ Շքանշանով Պարգեւատրուեցան
Ժոզեֆ
Ղազարեանն Ու Սարգիս Պասմաճեանը

Ժոզեֆ Ղազարեան եւ Սարգիս Պասմաճեան

Վերջերս, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 21-րդ տարեդարձին:

Այս առիթով սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացման զգալի աւանդի համար Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ շքանշանով պարգեւատրուեցան դամասկահայ մշակոյթի գործիչներ` Ժոզեֆ Ղազարեանն ու Սարգիս Պասմաճեանը, որոնք կը մնան դամասկահայ երէց սերունդի անկրկնելի ներկայացուցիչները, որոնք հաւատարիմ էին հայ մշակոյթին ու անոր պահպանման եւ տարիներ շարունակ մեծ ներդրում ունեցած են Դամասկոսի մէջ հայ մշակոյթը պահելու գործին մէջ:

 

Թեհրան

Իրանահայ Գրողներու Միութեան
50-
Ամեայ Յոբելեանը

9 նոյեմբերին Հայ ակումբի սրահին մէջ նշուեցաւ Իրանահայ գրողներու միութեան գործունէութեան 50-ամեակը:

Բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան: Խօսք առին` միութեան վարչութեան նախագահ Թորգոմ Տէր Յակոբեան, բանաստեղծ Վարանդ եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին` ՀԲԸՄ «Փիւնիկ» մանկապատանեկան գրական խումբը, «Զարթօնք» պարախումբը եւ «Հայ կին» միութեան կից «Անահիտ» միութեան «Զուարթնոց» երգչախումբը:

Այցելութիւն`
Անկեղծ
Զինուորներու Պանթէոն

Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, ՀՅԴ-ի 122-ամեակի եւ անոր անկեղծ ու նուիրեալ զինուորներու յիշատակին, 9 նոյեմբերին Թեհրանի Դուլաբի գերեզմանատան պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ յիշատակի ձեռնարկ:

Առաջնորդը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն հանգամանքին, որ նմանօրինակ գործիչներու մահով չ՛աւարտիր անոնց գործը:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Թինա Թամազեան:

«Ալիք»-ի խմբագրակազմի անդամ Արամ Շահնազարեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ՀՅԴ 122-ամեակին` եւ շեշտեց, որ կազմակերպութիւններու կեանքին մէջ ծերութիւնը, անգործունակութիւնը տարիներով չեն չափուիր, այլ` նպատակներու եւ գաղափարներու հնաբոյր գունաթափութեամբ:

«Քրիստափոր» պատանեկան միութեան անունով Ադէ Մելիքեան եւ Սինթիա Խուտավերտեան կարդացին պանթէոնին մէջ ամփոփուած ազգային-գաղափարական գործիչներէն` Արիս Աբրահամեանի, Սուրէն Արամեանի, Գրիգոր Մխիթարեանի եւ Սամուէլ Մեսրոպեանի կենսագրական տուեալները, որոնց մահուան 50-րդ տարելիցն էր:

 

Կիպրոս

Նարեկ Վարժարանի Կառուցման
40-
ամեակ

Հովանաւորութեամբ  Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Եորղոս Տիմոսթենուսի, նախագահութեամբ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, 13 հոկտեմբերին Նիկոսիոյ վարժարանի նորակառոյց հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած   Նարեկ վարժարանի կառուցման 40-ամեակին, ինչպէս նաեւ` Լառնաքայի ու Լիմասոլի վարժարաններու կրթանուէր գործունէութեան:

Վարժարաններու տնօրէն Վերա Թահմազեան արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը, որուն յաջորդեց Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ  Վարուժան արք. Հերկելեանի կողմէ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակին եւ օրհնութեան խօսքին ընթերցումը:

Ապա, յաջորդաբար  խօսք առին կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Եորղոս Տիմոսթենուս, Կիպրոսի Ներկայացուցչական տան կրթական յանձնախումբի նախագահ Նիկոս Թոռնարիտիս եւ Կիպրահայ վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեան:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Յունաստան

Ցուցահանդէսի Բացում

6 նոյեմբերին Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ նկարիչ Պետրոս Ասլանեանի նկարներու ցուցահանդէսին բացումը:

Խօսք առին Յունաստանի մէջ Հայաստանի  դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Մինաս Մարտիկեան եւ արուեստաբան, թարգմանիչ Յակոբ Ճելալեան:

Ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են 40 պաստառներ, տեւեց մինչեւ 18 նոյեմբեր:

 

Հնդկաստան

 Մետրոպոլիտ Դիոնիսիոսը
Մարդասիրական
Ճեմարանի Մէջ

10 նոյեմբերին հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ  Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան ճեմարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հնդիկ Մալաբար եկեղեցւոյ Կալկաթայի թեմի մետրոպոլիտ, տոքթոր Ժոզեֆ Մար Դիոնիսիոսը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը:

Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք շնորհաւորեց Հնդկաստանի մէջ հնդիկ Մալաբար եկեղեցւոյ կաթողիկոսութեան հիմնադրման 100-ամեակը:

Իր կարգին, մետրոպոլիտ Դիոնիսիոս գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպումին համար եւ հետաքրքրուեցաւ հնդկահայ հոգեւոր հովուութեան եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի գործունէութեամբ: Ան հրաւիրեց հայր Խորէնը իրենց հոգեւոր կեդրոն` Քերալա, եւ ցանկութիւն ու պատրաստակամութիւն յայտնեց յարմար առիթով այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Հայաստան: Ան նաեւ իր պատգամը փոխանցեց ճեմարանի աշակերտներուն` յորդորելով ուսման մէջ ըլլալ յառաջադէմ, սիրել գիրքը եւ ըլլալ Հայաստանի արժանի եւ հպարտ զաւակները:

Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

 

Փեթերսպուրկ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին
Նուիրուած
Ձեռնարկները Համակարգող
Յանձնախումբի
Հիմնադիր Նիստ

4 նոյեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքի մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբին հիմնադիր նիստը:

Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ մինչեւ  24 ապրիլ 2015 պատրաստել  իրականացուելիք հիմնական ձեռնարկներուն ցանկը եւ ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Ռուսիոյ հիւսիսարեւմտեան տարածաշրջանի հայկական գաղութներուն մէջ նման յանձնախումբերու հետ համագործակցելու եւ աշխատանքները համադրելու  անհրաժեշտութիւնը:

 

Լոնտոն

ՀՅԴ «Խանասոր» Երիտասարդաց Միութիւնը
Կը
Զօրակցի Սուրիահայերուն

ՀՅԴ «Խանասոր» երիտասարդաց միութիւնը սուրիահայ իր հայրենակիցներուն զօրակցելու նպատակով 4 նոյեմբերին կազմակերպեց խաղաղ տողանցք մը: Երիտասարդները հաւաքուեցան Ս. Եղիշէ շքեղ տաճարին առջեւ, ուրկէ համրաքայլ ուղղուեցան դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի: Անոնք ո՛չ պաստառ բարձրացուցած էին, ոչ ալ աղմուկ հանեցին: Լոնտոնահայ երիտասարդութեան նախաձեռնութեան հիմնական առանցքը պատերազմական ահաւոր օրեր ու իրավիճակներ դիմագրաւող սուրիահայութիւնն էր: Լուռ եւ խորհրդանշական տողանցքը վերջ գտաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մատուռին դիմաց կայացած դրամահաւաքով:

 Հայ–Բրիտանական Դիւանագիտական
Յարաբերութիւններու
20-ամեակին
Նուիրուած Համաժողով

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 8 նոյեմբերին Լոնտոնի հանրահայտ «Չըրչ հաուս» համաժողովներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ-բրիտանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին նուիրուած համաժողով եւ ընդունելութիւն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարինէ Ղազինեան: Հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու անցեալը, ներկան եւ ապագան թեմայով ելոյթ ունեցաւ Արմէն Սարգսեան: Հայ Առաքելական եւ Անկլիքան եկեղեցիներու յարաբերութիւններու մասին անդրադարձաւ ՀԱԵ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննիսեան:

Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ բրիտանա-հայկական յարաբերութիւններու պատմութեան, ինչպէս նաեւ` ԼՂՀ հակամարտութեան եւ Արցախի մէջ իր կատարած մարդասիրական աշխատանքներուն:

Պարոնուհի Ֆլաթերն ու Ճոն Ուիթինկդեյլը անդրադարձան բրիտանա-հայկական խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի աշխատանքներուն եւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման ներուժին: Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ նախկին խորհրդային երկիրներու տնօրինութեան նախկին ղեկավար Տիք Ուիլքինսըն ներկայացուց բրիտանա-հայկական քաղաքական յարաբերութիւններու զարգացման նախապատմութիւնը, իսկ Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ իրականացուած եւ իրականացուելիք ներդրումային ծրագիրները ներկայացուցին գործարարներ Պետօ Եղիայեան եւ Թիմ Քոլին:

 

Փարիզ

«Ինչպէ՞ս Յայտնուեցաւ Որպէս Փրկիչ»
Գրքոյկին
Ներկայացումը

Վերջերս, կազմակերպութեամբ  Շաւիլի եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ տոքթ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի «Ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ որպէս Փրկիչ» խորագրով նոր գրքոյկին ներկայացումը:

Գիրքը պատրաստուած է Հայաստան:  Ան 24 էջնոց նկարաշար մըն է,  որ կը պատմէ Յիսուսի կեանքը եւ առաքելութիւնը:

Ներկաներուն համար այս երեկոյթը եղաւ կրօնական եւ դաստիարակչական հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք վերյիշեցին, պատկերներու լուսարձակումով, Փրկչին կատարած հրաշագործութիւնները եւ պատգամներու փոխանցումը:

Երեք էջնոց յաւելուածի մը մէջ կարելի է կարդալ նաեւ բնագրին ֆրանսերէն ամփոփ թարգմանութիւնը:

«Ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ որպէս Փրկիչ» ալպոմը, որ կը վայելէ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի հովանաւորութիւնը, պէտք է ծառայէ դպրոցներու աշակերտներուն կրօնական կարեւոր դաստիարակչական գործին:

 Գիտաժողով` Լեզուներու Եւ Քաղաքակրթութիւններու
Համալսարանական Մատենադարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու համալսարանական մատենադարանին, 26 հոկտեմբերին, Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը` նուիրուած հայ գրատպութեան 500-ամեակին: Գիտաժողովը խորագրուած էր` «Հայ գիրքը. մշակոյթ մը սփիւռքի մէջ» եւ կը նպատակադրէր ներկայացնել հայ գիրքի եւ տպագրական գործի ուսումնասիրութեան ներկայ վիճակը, քննութեան առնելով Վենետիկէն Մատրաս, Փարիզէն Թիֆլիս եւ Պոլիս ծաւալած գրատպական լուսաւորական շարժումը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու համալսարանական մատենադարանի գիտական տնօրէն Ֆրանսիս Ռիշար: Առաջին նիստը խորագրուած էր` «Հայ տպագիր գիրքի պատմութեան սկզբնաւորումը. մշակութային փոխանակումներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ»:

Առաջին զեկուցողը` պատմաբան Յարութիւն Գէորգեան (Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի տնօրէն) փաստերով ուրուագծեց 16-17-րդ դարերու Եւրոպայի մէջ հոգեւորական-տպագրիչներու եւ առեւտրականներու ծաւալած գործունէութիւնը:

Օրուան երկրորդ բանախօս Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի (Ֆրեզնօ) հայագիտութեան ամպիոնի հանգստեան կոչուած դասախօս Տիգրան Գույումճեան, Գրիգոր Մարզուանեցիի օրինակով, ներկայացուց հայ վաղ գրատպութեան մէջ փորագրութեան գործածութիւնը եւ վերագործումը:

Ֆրանսացի հետազօտող Եանն Սորտէի (Փարիզի Մազարին մատենադարանի տնօրէն) իր ելոյթին մէջ ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Մազարին մատենադարանի հայերէն գիրքերուն վրայ:

Միքայէլ Նշանեան (Փարիզի ազգային գրադարան) խօսեցաւ հայ գրատպութեան մէջ ազգային պատմութեան ունեցած տեղին մասին:

Մելինէ Փեհլիվանեան (Պերլինի պետական մատենադարանի գրապահիչ, Արեւելեան բաժին) ներկայացուց հայ գրատպական գործը` Արեւելքի գրատպութեան տարածաշրջանային համապատկերին մէջ` 1512-1800:

Օրուան երկրորդ եւ վերջին նիստը խորագրուած` «Հայերէն գիրքը սփիւռքի մէջ. երեւակայական հայրենիք մը» վարեց Ֆրանսիս Ռիշար: Գրականագէտ Մարկ Նշանեան` Քոլոմպիա (Նիւ Եորք) համալսարանէն հանգստեան կոչուած դասախօս, ներկայացուց «Մխիթարեան գիրքը»: Ան մանրամասնօրէն, ներկայացուց Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակչական առաքելութիւնը` ըստ հրատարակութեան տարեթիւերու:

Այնուհետեւ Սթրազպուրկի համալսարանէն թրքագէտ Եոհանն Սթրաուս զեկուցեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ տպագրական գործի առաջնեկ Առաքել Թոզլեանի մասին:

Լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու համալսարանական մատենադարանի գրապահոցի գիտական պատասխանատու Ֆրանսուազ Ուրս ներկայացուց Լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու համալսարանական մատենադարանի հայկական հին ֆոնտերը:

Գրող եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկի դասախօս Գրիգոր Պըլըտեան ելոյթ ունեցաւ «Բանաստեղծները եւ գիրքը» թեմայով:

Գիտաժողովը եզրափակեց հետազօտութեանց տնօրէն Քլեր Մուրատեան (Գիտական հետազօտութեանց ազգային կեդրոն եւ Հայագիտական ընկերակցութեան նախագահ), որ ներկայացուց Ֆրանսայի հայ մամուլին պատմականը:

 Ցուցահանդէս ՕԹԱՆ–ի Կեդրոնին Մէջ

9 նոյեմբերին ՕԹԱՆ-ի Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը ՕԹԱՆ-ի կեդրոնին մէջ բացումը կատարեց Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի կողմէն ղեկավարուող գործողութիւններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղապահներուն մասնակցութեան նուիրուած ցուցահանդէս:

ՕԹԱՆ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Արմէն Եդիգարեան նշեց, որ առաջին անգամ ըլլալով ՕԹԱՆ-ի կեդրոնին մէջ կը ցուցադրուէր 2004-էն Քոսովոյի առաքելութեան եւ 2010-էն  Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցման առաքելութեան Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու համակազմերու մասնակցութեան պատմութիւնը: Դեսպան Եդիգարեան շեշտեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եռապատկած է Աֆղանիստանի մէջ ծառայող իր համակազմի քանակը եւ այս տարուան յունիսին վերականգնած է իր մասնակցութիւնը Քոսովոյի մէջ իրականացուող գործողութեան:

Ցուցահանդէսը տեւեց մինչեւ 15 նոյեմբեր:

 

Share this Article
CATEGORIES