Փորձ-Հարցարան. Ինչպէ՞ս Կ՛արժեւորէք Դուք Ձեզ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ի՞նչ կարծիք ունիք դուք ձեր մասին, ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք դուք ձեզ. իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 15 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Յաճախ այն տպաւորութիւնը ունիք, որ մարդիկ ձեզ լուրջի չեն առներ:
այո ոչ

2

Անտեղիօրէն կը կասկածիք ձեր կողակիցին հաւատարմութեան վրայ:
այո ոչ

3

Յաճախ անտրամադիր վիճակի մէջ կ՛ըլլաք:
այո ոչ

4

Մրցակցութեան մէջ մտնելէ կը վախնաք:
այո ոչ

5

Յաճախ պատասխանատուութիւնները ուրիշին վրայ նետելու հակամէտ էք:
այո ոչ

6

Յաճախ հարց կու տաք, թէ ուրիշներ ի՞նչ կը մտածեն ձեր մասին:
այո ոչ

7

Ձեզի ուղղուած քննադատութիւններէն շուտով կը վիրաւորուիք:
այո ոչ

8

Յաճախ զղջումներ կ՛ունենաք:
այո ոչ

9

Համաձայն կը ձեւանաք, նոյնիսկ երբ համաձայն չէք:
այո ոչ

10

Յաճախ կը մտահոգուիք, երբ ձեր ապագային մասին կը խօսիք:
այո ոչ

11

Դուք ձեզի հազուադէպօրէն հաճոյք կը պատճառէք:
այո ոչ

12

Յաջողութիւն մը արձանագրելէ ետք անտրամադիր կը դառնաք` փոխանակ ուրախանալու:
այո ոչ

13

Յաճախ ունիք այն տպաւորութիւնը, որ ձեր շրջապատը թշնամական վերաբերմունք ունի ձեզի հանդէպ:
այո ոչ

14

Յաճախ երանի կու տաք ձեր բարեկամներուն, որոնք կը պատմեն իրենց նուաճումներուն, յաջողութիւններուն մասին:
այո ոչ

15

Երբ սրահ մը մտնէք, յաճախ վերջին շարքը կը նստիք, նոյնիսկ եթէ առաջին շարքերը նստելու կարելիութիւն կայ:
այո ոչ

ԱՐԴԻՒՆՔ

Հաշուեցէք ձեր «այո»-ները:

  • Եթէ 4-էն պակաս «այո» ունիք, դուք ձեզ այնքան կը սիրէք, որ ուրիշէն սիրուելու կարիքը չէք զգար:
  • Եթէ 4-7 «այո» ունիք, լաւ ճամբու մէջ էք, թէեւ համարում ունիք ձեր անձին վրայ, բայց եւ այնպէս գինովցած էք դուք ձեզմով:
  • Եթէ 7-12 «այո» ունիք, մեծ համարում չունիք ձեր անձին վրայ, պիտի գայ ժամանակ մը, երբ պիտի ատէք դուք ձեզ:  Ջանացէք տեսնել ձեր լաւ առանձնայատկութիւնները եւ կեդրոնացէք անոնց վրայ:
  • Եթէ 12-15 «այո» ունիք, ոչ մէկ համարում ունիք ձեր անձին վրայ, հաւանաբար անցողակի հոգեկան անկումի մը մէջ էք, ժամանակն է, որ զգաստանաք եւ դուրս գաք այս վիճակէն:

 

Կենցաղավարութիւն

Ընթերցումի Կանոնները

Կենցաղավարութեան կանոններուն բոլորս ալ ծանօթ ենք, սակայն երբեմն շեղումներ կը կատարենք եւ անախորժ կացութեան կը մատնենք մեր շրջապատը եւ սխալ տպաւորութիւն կը ձգենք անոնց վրայ: Այսպէս, եկէք` յիշենք կարգ մը հիմնական կանոններ, ինչ կը վերաբերի ընթերցումի:

1
Կարելի չէ գիրքի կամ թերթի էջերը դարձնել մատը լիզելով:

2
Անյարմար է առանձնանալ եւ գիրք կամ թերթ կարդալ, երբ բարեկամներով նստած ենք: Նոյնպէս ալ` ճաշարանը:

3
Երբ մեզի գիրք մը փոխ կը տրուի, գուրգուրանքով վարուինք անոր հետ եւ մաքուր պահենք զայն:

4
Փոխ առնուած գիրքի մը մէջ կարելի չէ խծբծել կամ էջերը ծալել:

5
Փոխ առնուած գիրք մը կարելի չէ ամիսներով քովը պահել, պէտք է տիրոջ վերադարձնել կատարեալ վիճակի մէջ:

 

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 

2. Որպէսզի ձեր թաւշեայ հագուստը կամ տաբատը լուացքի ատեն չվնասուի, նախքան մեքենային մէջ դնելը` զայն հակառակ կողմ դարձուցէք: Այդպիսով պաշտպանած կ՛ըլլաք անոր խաւերը:

1. Որպէսզի ձեր կաշիէ, սեւ փայլուն պայուսակը կամ կօշիկը նոր տեսք ստանայ եւ փայլի, զայն շփեցէք կիսուած սոխի կտորով մը եւ կամ` կաթի մէջ թաթխուած լաթի կտորով մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4. Եթէ մոխրամանը լուալէ ետք նիքոթինի արատը չանհետանայ, առէք գինիի շիշի խցանը, աղի մէջ թաթխեցէք եւ անով շփեցէք արատները: Արդիւնքը անմիջական պիտի ըլլայ:

3. Այսուհետեւ չթափէք խաշած հաւկիթի եփի ջուրը, որ չափազանց հարուստ է հանքայիններով: Սպասեցէք, որ պաղի, ապա անով ջրեցէք ձեր բոյսերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

6. Ապակիներուն վրայի ճանճի աղտերը մաքրելու համար զանոնք շփեցէք քացախով կամ սուրճի մրուրով:

 

 

 

 

 

5. Եթէ ձեր լուացքի մեքենային օճառ-ջուրը շատ փրփրի եւ սկսի յորդիլ, մի՛ տագնապիք: Գաւաթ մը ճերմակ քացախ առէք եւ մեքենային դեզի տուփիկին մէջ լեցուցէք, փրփուրը անմիջապէս կը չէզոքանայ:

 

 

 

8. Կաշիէ ձեռնոցներուն թիւ մէկ թշնամին քրտինքն է, ձեռնոցները պաշտպանելու համար երբեմն անոր մէջ փուտր ցանեցէք կամ հակառակ կողմ դարձուցէք, որպէսզի օդ առնեն եւ խոնաւ չմնան:

7. Որպէսզի շագանակը դիւրին կեղուըուի, եփի ջուրին մէջ ապուրի դգալ մը ձէթ աւելցուցէք: Արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

10. Որպէսզի ձեր աչքի շպարի մատիտը դիւրին տաշուի եւ չկոտրտի, զայն ամբողջ գիշեր մը սառնարանը պահեցէք:

 

 

 

9. Մատներուն վրայէն մելանի հետքերը հանելու համար զանոնք շփեցէք լոլիկի կամ կիտրոնի հիւթով:

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Կաղամբը` Քորէական
Պատրաստութեամբ

 

Բաղադրութիւն

– Պզտիկ կաղամբ մը
– Խոշոր ստեպղին մը
– 3 հատ կանաչ սոխ
– 4 պճեղ սխտոր
– 1 կծու կարմիր պղպեղ
– 1 ճաշի դգալ տաշուած կոճապղպեղ
– 2 թէյի դգալ շաքար
– 2 ճաշի դգալ սոյայի թացան
– 1 ճաշի դգալ ճերմակ քացախ
– 3 հատ մեխակի գամ
– 100 մլ. ձէթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

 

 

 

 

 

 

 

 

Կաղամբը բարակ շերտել, ստեպղինը քերոցէ անցընել, սխտորը բարակ շերտերու վերածել, կծու պղպեղն ու սոխը օղակաձեւ կտրտել:

Խորունկ տապակի մը մէջ լեցնել ձէթը, աւելցնել` կոճապղպեղը, սոյայի թացանը, քացախը, մեխակի գամերը, աղը, շաքարաւազը եւ 300 մլ. ջուր: Սպասել, որ խառնուրդը եռայ, ապա կրակին վրայէն վերցնել եւ մէջէն հանել մեխակի գամերը:

Մանրուած բանջարեղէնները լեցնել աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ, վրան թափել տաք թացանը, ձգել, որ պաղի, ամբողջ գիշեր մը սառնարանը պահել եւ յաջորդ օրը հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

***

Նոր երազներ կան, սակայն ես երազել չեմ կրնար,
ես չեմ կրնար առաջուան պէս երազել, մինչ միշտ հին
լուսինն է, լուռ երկինքն է նման ներքին աշխարհին,
անցեալ, գալիք կ՛ընեն դառն, անբաղձալի` հոս իրար:

Գիշերներն` հոս կը յիշեմ թէ հին աշխարհը` հեռուն`
կը կործանէր: Կռիւ էր ճամբուս վրայ, սարսափ, սով:
Հինն էր փտած, նորն էր բիրտ` իր հաւատքով եւ յոյսով:
Հեղեղն էր մեծ` իր խլած եւ իր տուած զոհերուն:

Մեր դարն ոմանք կը տեսնեն մեծ, հանճարեղ, վերջնական,
եւ չէ, ճամբայ կայ դեռ մեծ եւ անհունն է անսպառ
հոգին անհուն, մարդկային ըլլալն է դեռ անհնար:
Եկող յոյսերը վսեմ` միշտ չարիքի պէս կու գան:

Եւ անձկութիւն, քայքայում, ցաւ է միշտ` մինչ կը շրջին
մոլորակներ մետաղէ եւ պողպատներ կը սուրան
անհունէն վեր, կը թռչին մեքենաներ մոգական,
անջրպետներ կը կտրեն ուղեւորներն առաջին:

ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ

«Միջերկրական»

 

 

Share this Article
CATEGORIES