50 Տարի Առաջ (22 Նոյեմբեր 1962)
Տասը Տարիէն Սիրտ, Լեարդ Կամ
Երիկամունք Պիտի Գնենք
Հայ Բժիշկի Մը Տեսութիւնը
Ուաշինկթըն նահանգի Բժշկական ընկերակցութիւնը իր համագումարն ունեցաւ վերջերս Սիէթըլի մէջ: Այլ գիտնականներու շարքին, նոյն համագումարին խօսելու հրաւիրուած էր օքլընտցի (Քալիֆորնիա) երիտասարդ հայ բժիշկ Ճան Ս. Նաճարեան, որ 550 բժիշկներու ներկայութեան իր զեկոյցին մէջ յայտարարեց, թէ տասը-տասնհինգ տարիէն կարելի պիտի ըլլայ երթալ մարդկային մարմնի գործարաններու պահեստ մը (պանքա) եւ առնել նոր սիրտ մը, կամ լեարդ մը կամ երիկամունք մը, ու զայն պատուաստել ապրող անձի մը, եւ այս գործարանը պիտի ապրի, ինչ որ ներկայիս կարելի չէ:
Այսօր յաջողապէս չենք կրնար մարդու մը մէկ գործարանը պատուաստել այլ անձի մը` բացի այն պարագայէն, երբ երկու անձերն ալ յարեւնման երկուորեակներ են: Դժուարութիւնը պատուաստի մեթոտին մէջ չէ, այլ` պատուաստեալ մարմինը ապրեցնելուն մէջ, կ՛ըսէ բժիշկ Ս. Նաճարեան:
«Հիւրընկալը» կամ մարմինը որուն կը պատուաստուի այլ մարմնի մը մէկ գործարանը կամ մասը, կը հակազդէ ասոնց` իբրեւ օտար նիւթի մը, ինչպէս` փրոթէինի կամ մանրէի մը պարագային: Ան անմիջապէս կը սկսի պատրաստել պաշտպանողական նիւթեր կամ էնթիպոտներ` սպաննելու օտար հիւսուածքը, եւ կարճ ժամանակի մէջ պատուաստեալ օտար գործարանը կը մեռնի:
Արդի գիտութիւնը, կը բացատրէ բժիշկ Ս. Նաճարեան, երկու ուղղութիւններով կ՛աշխատի` լուծելու այս հարցը:
– Կա՛մ պէտք է «խաբենք» հիւրընկալ մարմինը (այն, որուն կը պատուաստուի այլ մարմինէ մը առնուած գործարան մը) այնպիսի կերպով մը, որ ան «չճանչնայ», թէ պատուաստուած գործարանը օտարի մը կը պատկանի, եւ կամ պէտք է կերպով մը տկարացնենք անոր օտար հիւսուածքներ սպաննելու կարողութիւնը:
Բժիշկ Ճան Ս. Նաճարեան ներկայիս գիտական հետազօտութիւններ կը կատարէ Լա Յոլայի (Քալիֆորնիա) Բժշկական եւ գիտական հաստատութեան մէջ եւ շուտով պիտի միանայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի հիւանդանոցի բժշկական կազմին:
Կեանքը Հայկազեան Քոլեճին Մէջ
Հայկազեան քոլեճը, իր հիմնարկութենէն ի վեր, իր եօթը տարիներու կեանքովը արձանագրած է հսկայաքայլ յառաջդիմութիւններ եւ այսպիսով, սատարած է հայ համբաւին տարածմանը: Փաստ` իր խիզախօրէն արձակած հրթիռները: Փաստ` իր մանկավարժական ամպիոնը, միակը` սփիւռքահայ մեր կեանքէն ներս:
Հայկազեան քոլեճին մանկավարժական ամպիոնը, որ կը ջանայ որակաւոր ուսուցիչներ պատրաստել մեր հայ վարժարաններուն համար, գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր այս վերջին երկու տարիներու ընթացքին քոլեճին մէջ հիմնել գիշերային դպրոց մը, ուր նախ մանկավարժական ճիւղին հետեւող ուսանողներ առիթ պիտի ունենային փորձառութիւնը ձեռք ձգել եւ ապա` առիթ տալ գլխաւորաբար մեր բանուոր երկսեռ հայրենակիցներուն, որպէսզի իրենց թերաւարտ ուսումը շարունակեն Հայկազեան քոլեճի գիշերային դպրոցին մէջ:
Գիշերային դպրոցի ուսանող կ՛ընդունուի 15 տարեկանէն վեր ոեւէ անհատ` վճարելով տարեկան ուսումնական չնչին սակ մը` 15 լ. ոսկի: Կը դասաւանդուին` թուաբանութիւն, սղագրութիւն, հաշուապահութիւն, ինչպէս նաեւ լեզուներ` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն: Գիշերային դպրոցը հսկայաքայլ յառաջդիմութեան մէջ է. փաստ` իր աշակերտութեան աճումը հարիւրէն երկու հարիւրի բարձրանալով: Գիշերային դպրոցի տնօրէնութիւնը յանձնուած է Յակոբ Թերճիմանեանի, իսկ ընդհանուր հսկողութիւնը` Գաբրիէլ Ինճեճիկեանի, որոնք ձեռնհասօրէն կը կատարեն իրենց պաշտօնները:
Գիշերային դպրոցի ուսանող-ուսուցիչները իրենք զիրենք լիովին վարձատրուած կը զգան ի տես իրենց ցանած սերմերուն բարգաւաճ արդիւնքին:
Հայկազեան քոլեճին մէջ իր ժրաջան աշխատանքով աչքառու է Հայկազեան քոլեճի Հայկական ակումբը, որուն կենսունակութիւնը ապացոյց մըն է Հայկազեան քոլեճի հայկականութեանը, որ ոչ մէկ ջանք կը խնայէ, որպէսզի հայ գիրն ու մշակոյթը զօրացնէ եւ տարածէ Հայկազեան քոլեճին մէջ թէ դուրսը: Այս մասին խօսուն են իր նախորդ տարուան հրապարակային ձեռնարկներն ու հայագիտական դասախօսութիւնները:
Պ. Շ.

