Ակնարկ. Թեկնածուի Մը Պայքարը` 11 Անձերէ Կազմուած Համախոհական Ցանկի Մը Դէմ
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Կիրակի, 25 նոյեմբեր 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Համագումարին օրինական դառնալուն համար կարիքը կայ 55 ակումբներու ներկայութեան: 93 ակումբներէն 81-ը քուէարկելու իրաւունք ունին:
Ֆետերասիոնին այժմու (եւ յաջորդ) նախագահը` Սելիմ Հաժ Նիքոլա, կազմեց համախոհական ցանկ մը, տարբեր ակումբներու հետ իր կատարած բանակցութիւններէն ետք: Բնականաբար, անոր մէջ է ՀՄԸՄ-ի թեկնածուն` Րաֆֆի Մումջողլեան:
Այդ 11-ին մէջ, անհատական թեկնածու Ժորժ Քուփալի պիտի ըլլայ նորեկը, որ նկատի առնուած է Էլի Ֆարահի փոխարէն:
Իմանալէ ետք հրապարակուած այս ցանկին մասին, այլ թեկնածու մը` Ժատ Տըայպես, յետս կոչեց իր առաջադրած թեկնածութիւնը, ճամբայ բանալով Քուփալիի առջեւ:
Սակայն այդ մէկը լուծում չեղաւ, որովհետեւ գոյութիւն ունի 12-րդ թեկնածու մը` Շատի Համոտ (Շապապ Ֆաուար):
Շապապ Ֆաուար, որ Ա. դասակարգին մաս կազմող հիւսիսեան միակ ակումբն է, ամէն գնով վճռած է ընտրութիւններուն մասնակցիլ, նոյնիսկ եթէ իր թեկնածուն միայն մէկ ձայն ապահովէ:
Ակումբի նախագահ Սարգիս Համոտ կը շեշտէ ըսելով, որ Շապապ Ֆաուար հիւսիսեան ինը ակումբներէն մէկը ըլլալով իրաւունք ունի ընտրուելիք նոր ֆետերասիոնին մէջ ունենալու իր ներկայացուցիչը:
Իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ան կը շեշտէ ըսելով, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, այս անգամ յետս պիտի չկոչէ իր առաջադրած անձին թեկնածութիւնը:
2004-ին ան յետս կոչած էր իր առաջադրած անձին` Պիլալ Մըլհեմի թեկնածութիւնը, ընդառաջելով Մութթահետի նախագահ Ահմետ Սաֆատիի խնդրանքին: 2008-ին ան անգամ մը եւս նոյնը կատարած էր` ճամբան բանալով Մութթահետի թեկնածուին Իզզէտտին Հատտատի առջեւ, որ մաս կազմէ ֆետերասիոնին:
Սարգիս Համոտ վճռած է այս անգամ չենթարկուիլ ճնշումներու` նոյնիսկ գիտնալով, որ կրնայ ձախողիլ իր թեկնածուն ֆետերասիոն հասցնել:
Ուրեմն կիրակի, 25 նոյեմբերը տարբեր պիտի ըլլայ նախորդ երկու տարիներու ֆետերասիոններու ընտրութիւններէն, որովհետեւ նոր ֆետերասիոնը պիտի ընտրուի քուէարկութեամբ եւ ոչ թէ առանց անոր` մրցակիցներու չգոյութեան պատճառով:

