Խորհրդածութիւններ. Մայրիներու «Ողբերգ»-ը (Լիբանանի Անկախութեան Տօն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յայտնապէս խօսքը կը վերաբերի Լիբանանի մշտադալար ու սէգ մայրիներուն, որոնց հազարամեայ գոյութենական երթին ընդառաջ, այսօր աւելի քան երբեք զգալի կը դառնայ անոնց արբշիռ սօսափիւնին առընթեր նաեւ տերեւաթափի «ողբերգ»¬ը` ի տես արդի ժամանակներու լիբանանեան հայրենիքի պարզած արտասովոր եւ խժդուժ կացութեան, քաղաքացիական կեանքի ու կամքի առաւել թուլացման, քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական խառնափնթոր իրավիճակի յամեցումին, անհեռատես, ճղճիմ, պատեհապաշտ ու եսակեդրոն մօտեցումներու սնկանման փթթումին, ապաշնորհ ու ապազգային վարքագիծերու մշտատեւ յանձանձումին եւ մասամբ նորին:

Իրօք, դարերու ծանրութիւնը հանդերձած բնութեան այս  մեծահրաշ արտայայտութիւնը` մայրիի ծառը, իր առինքնող գեղեցկութեամբ ու բնութենական վեհափառ արժանիքով, տոկունութեան ու յարատեւութեան յատկանշելի իր բարեմասնութեամբ, ապրելու կամքին, մշտանորոգ ներկայութեան ու վերընձիւղումին, վաղեմի ժամանակներէն եկող ու դէպի ապագայ դարեր խոյացող այս մենակեանցին արժէ հարցադրել, թէ` միթէ դադրա՞ծ է հայրենիքի խորհրդանիշ ըլլալէ եւ դարձած սոսկ պետական դրօշին վրայ ծածանող ուրուականի պատկեր:

Անցնինք:

Ճիշդ է նաեւ, որ Լիբանանի ժամանակակից պատմութիւնը կը յուշէ պայքարի ու զոհողութիւններու տարբեր հանգրուաններ, օսմանեան  բարբարոսութենէ եւ գաղութարարութենէ ձերբազատելու յիշարժան դիպաշարեր, ազգային նկատառումներ, նուիրեալ ու լրջախոհ պետական ղեկավարներու առաջնորդութեամբ` ժողովրդային պոռթկումի եւ ցասումի դրսեւորումներ, Լիբանանի գերիշխանութեամբ ու ժողովուրդի բարօրութեամբ մտահոգ սրտապինդ գործելակերպեր, այո՛, ազատ ու ինքնիշխան ապրելու քաղաքական մտքի ու սահմանադրական իրաւունքի պաշտպանութեան լծուած աշխարհահայեցողութիւններ:

Այլ խօսքով, Լիբանանի գեղուղէշ երկնակամարին տակ ապրած ու ստեղծագործած են իրերայաջորդ սերունդներու ներկայացուցիչներ, որոնք յիշարժան են եղած իրենց մտաւորականի պայծառամտութեամբ, արուեստագէտի տաղանդով, քաղաքագէտի, տնտեսագէտի ու գիտնականի պատուաբեր ունակութեամբ, այլապէս բազմաթիւ ոլորտներու մէջ արձանագրած պանծալի յաջողութեամբ, բայց մանաւանդ` հայրենիք մը կերտելու երազանքի սնուցանումին խոր գիտակցութեամբ:

Ի դէպ, ներլիբանանեան առումով յիշեցնել է պէտք, կրկին ու կրկին, թէ Լիբանան երկրին իւրայատկութիւնը կը կայանայ երկու վաւերական արժեչափերու գոյակցութեամբ` ժողովրդավար կարգերու միանշանակ ամրագրումին եւ համակեցութեամբ ապրելու անշեղ սկզբունքին վրայ, իբրեւ ազգային քաղաքական արժեհամակարգ ու պետականակերտ համապարփակ հասկացողութիւն:

Միւս կողմէ, ինչպիսի՞ բացատրութիւն տալ առկայ դժխեմ կացութիւններուն եւ տասնամեակներու վրայ երկարած այլամերժ կեցուածքներուն, որոնք պարզապէս հիմքերը հանդիսացան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին:

Ըստ երեւոյթին, վերոնշեալ արժեչափերու խոր ընկալումն ու անոր կենսունակութիւն ապահովելու տրամադրուածութիւնը տակաւին երկա˜ր ճանապարհ ունին ընթանալիք` իրերամերժ քաղաքական վարքագիծերու, հակոտնեայ կեցուածքներու եւ խօլ մրցակցութիւններու իբրեւ հետեւանք:

Այլապէս ալ հայրենասէր սերունդներ պիտի շարունակեն հաւատալ այն օրուան, որ հրաշափառ մայրիներու շուքին տակ պիտի յառնի այն երազուած հայրենիքը, որուն կենդանացման համար  բազում զոհողութիւններ են մատուցեր հայրենապաշտ զանգուածներ համակ:

Յստակեցում մը:

Դարձեալ մօտիկ անցեալի պատմութեան իսկ վկայակոչումով` Լիբանանի անկախութեան առաջին տասնամեակին եւ յաջորդող տարիներուն արդէն զգալի կը դառնար իրողութիւն մը անսեթեւեթ, թէ երկիր մը կառուցելու, հայրենիք մը կերտելու համար, բաւարար չեն լոկ պետական կառոյցներու հաստատումն ու անոնց գոյութիւնը, որքան տուեալ կառոյցներու պահպանումին ծառայող անկաշառ վարքագիծերու որդեգրումը, ազգային շունչի ու հայրենասիրական ոգիի հրամայական պահանջը, փտածութեան սանձումը, քաղաքակիրթ ու մշակուած անհատներու եւ հաւաքականութիւններու ջատագովումն ու առհասարակ հայրենակերտ առաջադրանքներու կենսագործումը:

Այլ ասած, առանց ստորագնահատելու հիւրընկալ այս երկրին մէջ առկայ համայնքայնութեան վերաբերող նրբութիւններն ու շատ անգամ խորթութիւնները, արժէ ընդգծել հիմնական իրողութիւն մը, որ ինքնին պերճախօս երեւոյթ մըն է ըստ ամենայնի:

Արդ, ինչպիսի՛ կայացած պետականութիւն մը հաստատելու մասին կը մտածենք կամ հայրենիք մը  ունենալու երազանքին կը ձգտինք, երբ տուեալ երկրին ժողովրդագրական բաղադրամասերուն միջեւ առկայ են (եւ տակաւ խորացող) ո՛չ թէ միայն քաղաքական կեցուածքներու տարակուսանք, փոխադարձ անվստահութիւն, այլատեացութիւն, անհանդուրժողութիւն, այլ նաեւ` ուղղակի թշնամանք:

Հաւանաբար ըսուի, թէ լիբանանեան ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող նման ազգակործան երեւոյթներ, վերջին տասնամեակներուն ներմուծուեցան, շրջանային ու միջազգային իրադարձութիւններու հետեւանք են:

Կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել նաեւ, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր աշխատասէրի, առեւտրասէրի ու կենսասէրի ունակութիւններուն իբրեւ արդիւնք կրցած է շրջանցել բազում դժուարութիւններ, յաղթահարել ամէնէն սոսկալի պահերն անգամ, տոկալ ու շարունակել իր ճակատագիրին երթը, պարզապէս հաւատալով վաղուան յուսադրիչ օրուան:

Այսուամենայնիւ, այսօրուան Լիբանանի պարզած իրերու դրութեան դիմաց ու մանաւանդ պարտադրուած կացութիւններուն առաւել բորբոքումին դէմ յանդիման միթէ ժամանակը չէ՞ հասած միանգամայն ճշդորոշելու ազգային առաքելութեան ուղին` կառչած մնալով հայրենիքը պահելու (ոչ տեսականօրէն) սրբազան ուխտին եւ  քաղաքական թափանցկութեամբ, նաեւ  որոնելու ապագայ Լիբանանի դիմագիծի կերտումի ճանապարհը, թէկուզ փշոտ ու դժուար հասանելի:

Փաստօրէն, իր անկախութեան ծնունդէն (1943) ի վեր, ե՛ւ Լիբանանի ե՛ւ լիբանանցիին համար պատուհաս են դարձեր օտարոտի քաղաքական ու տնտեսական ոտնձգութիւններ, որոնց պէս-պէս յամեցումով եւ տակաւ մակընթացութեամբ արդէն հասած ենք արդի Լիբանանի քանդումին եւ պատերազմական վիճակի ստեղծումին:

Արդարեւ, իր անկախութեան 69-րդ տարեդարձին առիթով պատեհ է արձանագրել, թէ` միթէ ժամանակ չէ՞ հասեր միանգամընդմիշտ ընդգծելու այն հասկացողութիւնը, որ լիբանանցի հասարակութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք պարտաւոր է ձերբազատիլ համայնքայնութեան բարդոյթէն եւ անձնապաշտութենէն, որպէսզի կարենայ որոշակի յաղթանակ ապահովել իր կամքին ու քուէին ուժականութիւնը փաստելով, եւ առանձնապէս հաշուետուութեան կանչելով բոլոր անոնք, որոնք կը կանգնին պետութեան ղեկին եւ կը տնօրինեն ազգային շահերը:

Այլ խօսքով, պատրանքներու տարափին տակ կարելի՞ է սերունդներ ներշնչել` տէր կանգնելու իրենց երկրին ու ժողովուրդին, երբ անդին փտածութիւնն ու կաշառքը, հովանաւորչութիւնն ու պետական մակարդակի ապիկարութիւնը, արդարադատական համակարգի ամլութիւնն ու հաշուետուութեան բացակայութիւնը, սանձազերծ աւազակներու եւ մաֆիաներու ներկայութիւնն ու անհեռատես վարքագիծերը միայն աւերներ կը գործեն համատարած, տիւ եւ գիշեր, այսպէս ասած անկախ ու գերիշխան հանրապետութեան մը շուքին տակ:

Այլապէս ալ ո՛ւր պէտք է փնտռել ազգային դաւանանքի մը ստեղծումին շարժառիթը, եթէ ոչ այն իրականութեան լոյսին տակ, երբ ամբողջ երկիր մը զոհ է դարձեր քաղաքական յանձնառութիւններու եւ շահակցական միտումներու, պարզապէս յագուրդ տալով անհատական շահերու եւ աւատապետական կողմնորոշումներու:

Արդեօք խայտաբղէտ իրադրութիւններու թատերաբեմ այս երկրին համար միայն ուրուականներու շարասիւնե՞ր են պէտք, առաւել եւս սրելու ներքին վէճերն ու հակամարտութիւնները:

Կամ ինչպիսի՛ ձեւաչափերու առիթներ պէտք է լոյսին բերել երկխօսութեան ու իրերհասկացողութեան եզրեր գտնելու համար, յանուն ազգային համերաշխութեան հաստատման եւ քաղաքական մտքի հասունացման:

Սին ափսոսանքի ու ինքնախաբէութեան համազօր նշումներ պէտք է նկատել ամէն միտում, որ լիբանանեան յամեցող իրավիճակին պատճառը բացառաբար կը համարէ օտար երկիրներու միջամտութիւններն ու թափանցումները, որոնք, այսպէս ասած, ներլիբանանեան հարցերու հանգուցալուծման ծառայելու կեղծ պատմուճանով կը հրամցուին:

Ամէն պարագայի, տակաւ շօշափելի կը դառնայ իրականութիւն մը, որ պետական կառոյցներ եւ հայրենիքներ կը շարունակեն ապրիլ եւ յառաջդիմել, երբ անոնց տէրերը համոզուած ըլլան ինքնաղեկավարման շնորհին, գոյատեւելու կամքին, արիաբար պաշտպանելու հաւատամքին ու մանաւանդ հայրենիքը իբրեւ մշտնջենական օրրան նկատելու դաւանանքին:

Բարեբախտաբար, Լիբանանի պանծալի լեռներու գագաթին խրոխտ մայրիներու ներկայութիւնը, իրենց ոգեւորիչ յատկութեամբ կը շարունակեն խթան հանդիսանալ նոյնինքն այն ժողովուրդին, որ կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ անոր շուքին տակ, թէեւ դառնութեամբ յագեցած առօրեայի մը ներքեւ, բայց անպայման աւելի արիանալու եւ քաղաքականանալու խոստումով:

Աստուածամերձ մայրիներու դառնութեան կիզակէտը միթէ իր ժողովուրդին ուղղուած այն պատգամը չէ՞, որ հայրենիքներ պահելու ու պաշտպանելու համար հայրենապաշտ փաղանգներ են պէտք, եւ ոչ թէ փուճ կարգախօսերու ետին թաքնուած փառասէրներ:

Մաղթելով, որ պատմութեան այս հանգրուանին Լիբանանն  ու լիբանանցին կարենան շրջանցել նաեւ աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներու մարտահրաւէրները, անոնք պարզապէս հրաւիրուած են աւելի մերձենալու մայրիներու խորհուրդին ու անկէ ցայտող անժամանակ թելադրանքին:

 

Share this Article
CATEGORIES