Անդրադարձ. Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը` Ամէն Նկատառումէ Վեր (Լիբանանի Անկախութեան 69-ամեակին Առիթով)

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակը կը թեւակոխենք ներլիբանանեան բաւական բարդ մթնոլորտի մը մէջ: Ներքին քաղաքական բարդութեան վրայ կ՛աւելնայ նաեւ շրջանային տագնապալի վիճակը: Արաբական աշխարհը յուզող «գարնան» հովերը իրենց ուղղակի թէ անուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենան այս բարդ մթնոլորտին վրայ, իսկ աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր յամեցող սուրիական արիւնալի տագնապը իր դերակատարութիւնը կ՛ունենայ լիբանանեան քաղաքական երկփեղկումը աւելի սրելու աշխատանքին մէջ:

Լիբանանեան քաղաքական վերջին անցուդարձերուն հետեւողները պէտք է նկատած ըլլան, որ մանաւանդ 19 հոկտեմբերին Էշրեֆիէի շրջանին մէջ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական ականահարումէն ետք, այսպէս կոչուած Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի ուժերուն միջեւ քաղաքական սուր երկփեղկումը աւելի եւս ակնյայտ դարձաւ` որոշ պարագաներու ուղղակի կերպով սպառնալով լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան: Այս իմաստով նշանակալի դէպքեր էին մասնաւորաբար ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի սպաննուած պետ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութեան օրն իսկ դէպի վարչապետարան կատարուած ներխուժման ձախող փորձը եւ Սայտայի մէջ Պիլալ Պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներուն եւ Հըզպալլայի միջեւ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպը, որ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձաւ: Ասոնց վրայ կու գայ աւելնալու նաեւ Թրիփոլիի բաց վէրքը, որ ամէն օր կոչուած է վերստին արիւնոտելու:

Այս բոլոր իրադարձութիւնները, քաղաքական ուժերուն միջեւ մնայուն պարանաձգութիւնները ոչ միայն վնաս կը հասցնեն արդէն խախուտ քաղաքացիական անվտանգութեան, այլ անոր ընդմէջէն կը խախտեն լիբանանցիներուն միջեւ համակեցութիւնը, քաղաքական երկփեղկումը կը վերածեն համայնքային երկփեղկումի, ինչ որ մեծագոյն չարիքն է զգայուն հաւասարակշռութիւններու վրայ կառուցուած լիբանանեան գոյացութեան համար:

Այս բոլոր երկփեղկումներէն եւ քաղաքական սուր տագնապէն ետք այսօր ի՞նչ ունինք մեր ձեռքին տակ: Ունինք գրեթէ կազմալոյծ պետական հաստատութիւններ: Կառավարական ոչ արդիւնաւէտ գործունէութիւն, ազգային երկխօսութեան անել ընթացք, քաղաքական երկփեղկումին մաս կազմող ուժերէն մէկուն կողմէ խորհրդարանական ամբողջ աշխատանքը պոյքոթի ենթարկելու միտում, իւրաքանչիւր համայնք կամ քաղաքական երկփեղկումի ուժ ստանձնած է ապահովական կառոյցի մը ղեկավարութիւնը, այս իսկ պատճառով ապահովական աշխատանքը եւս դարձնելով անարդիւնաւէտ` բոլոր մարզերուն մէջ: Մինչ փտածութիւնը գլուխը առած կ՛երթայ, սղութիւնը` նոյնպէս, այդ պատճառով ալ հազիւ աշխատաւորներու աշխատավարձերուն յաւելման որոշումը տրուի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներուն գիները կը սղին մենաշնորհի ընկերութիւններուն կողմէ` անիմաստ դարձնելով ամսականներու այդ յաւելումները:

Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակը բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնեցնէ լիբանանցիները: Նախ պարզ քաղաքացիներու մակարդակով պէտք է այն գիտակցութեան գալ, որ տեղ մը բան մը պէտք է փոխուի: Վստահաբար մէկն ալ գոհ չէ ներկայ վիճակէն, ամէն մէկ քայլափոխի համայնքային հիմքի վրայ բախումներէն: Նախապէս, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին 37-ամեակին առիթով ըսած էինք, որ այս համայնքային դրութիւնը որոշ չափով բարիք էր Լիբանանի համար պետութեան ստեղծման օրերուն, բայց նոյն այդ դրութիւնը երկար շունչի վրայ չարիքի վերածուեցաւ, որովհետեւ իր մէջ կը կրէր երկրին բաժանումին սերմերը:

Եթէ քաղաքական աւանդական ղեկավարութիւններ պիտի շարունակեն քաղաքականութիւն կիրարկել համայնքային կիրքերու հրահրման հիման վրայ, շատ դիւրութեամբ մարդիկ կրնան հաւաքել իրենց շուրջ, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի փորձէ ցոյց տալ, որ իր համայնքը իրաւազրկումի ենթարկուած է: Քրիստոնեայ մարոնիները պիտի գանգատին, որ աւանդաբար իրենց սեփականութիւնը նկատուած իրաւասութիւնները խլուած են իրենց ձեռքէն, սիւննիները պիտի բողոքեն այն բանի համար, որ իրենց մեծամասնութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժը տէրը չէ վարչապետարանի բանալիներուն, շիիները մնայուն կերպով պիտի սրտնեղին, որ իրենց ունեցած պետական, ապահովական կամ վարչական դիրքերը այդքան ալ չեն համապատասխաներ իրենց ուժի յարաճուն վերելքին, յոյն ուղղափառներն ալ ատենէ ատեն պիտի տրտնջան, որ հակառակ անոր որ իրենք կը վարեն փոխվարչապետի կամ խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնները, այսուհանդերձ այդ պաշտօնները զերծ են շօշափելի իրաւասութիւններէ:

Արդիւնքը այս բոլորին կ՛ըլլայ այն, որ ոչ մէկ համայնք պիտի գտնուի, որ ինքզինք իրաւազրկեալ չնկատէ: Մինչդեռ մարդոց կապը երկրին հետ պէտք չէ ըլլայ կրօնական համայնքի միջոցով, այլ քաղաքացիութեան հասկացողութեան միջոցով:

Մարտահրաւէրը այսօր կը պահանջէ հեռու մնալ քաղաքական եւ համայնքային լարուածութիւններէն` ամէն նկատառումէ գերիվեր դասելով քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Պէտք է համոզուիլ, որ չափաւորականութիւնը եւ համայնքային մոլեռանդ հռետորաբանութենէն հրաժարիլը միակ միջոցներն են երկրին մէջ խաղաղ համակեցութիւնը պահպանելու, եւ ասոր համար ալ անհրաժեշտ է երկրին քաղաքական կեանքը կրծող Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական երկփեղկումէն դուրս գալ` ճամբան բանալով երրորդ ուղիին` քաղաքացիական հասարակութեան նախաձեռնութիւններուն առջեւ, զերոյէն կառուցելու համար պետութեան գաղափարը` քաղաքացիական, ոչ համայնքային հիմքի վրայ:

Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակին առիթով, ուրեմն, քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումը բոլոր լիբանանցիներուն մտասեւեռումը պէտք է ըլլայ իրապէս ժողովրդավարական, աշխարհիկ եւ ոչ համայնքային երկրի կերտման ճամբուն վրայ: Այլեւս այս երկիրը իւրաքանչիւր 15 տարին անգամ մը պէտք չէ ականատես դառնայ քաղաքացիական արիւնալի պատերազմի: Արժանի չէ ատոր:

 

Share this Article
CATEGORIES