Ակնարկ. Ազրպէյճանի Թշնամիի Եւ Անոր Դէմ Պայքարի Զէնքի Մատնանշում
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներ տարեկան դրութեամբ կը նշեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը` այդ ալ Քափիթոլ Հիլի մէջ, իսկ Քոնկրեսը ամէն տարի Հայաստանի կողքին նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ նաեւ Արցախին: 26 հոկտեմբեր 2005-ին, հակառակ ազրպէյճանական կողմէն ճնշումներու եւ տողատակի սպառնալիքներու, Հարաւային Քալիֆորնիոյ քաղաքներէն Մոնթեպելլոյի քաղաքային խորհուրդը, տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբին ջանքերուն շնորհիւ, միաձայնութեամբ որդեգրեց որոշում մը, որ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը կը ճանչնար իբրեւ Մոնթեպելլոյի քոյր քաղաք:
2012-ին տեղի ունեցան երեք իրերայաջորդ զարգացումներ, որոնք կը թուին յորդեցուցած ըլլալ Ազրպէյճանի իշխանութեանց համբերութեան բաժակը: 6 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը կը ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ երկրին օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութեանց կոչ կ՛ուղղէր իր օրինակին հետեւելու: Մայիսին նոյն քայլին կը դիմէր Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու տունը, ապա հոկտեմբերի վերջաւորութեան այս անգամ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգ Նիւ Սաութ Ուէյլզը կը ճանչնար արծուեբոյնի անկախութիւնը: Օրին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլմար Ապտուլայեւ կը յայտարարէր, որ նահանգի օրէնսդիր մարմինէն երեսփոխաններ «հայկական լոպիի պատուէրը կը կատարեն»: Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալու շուրջ 20 հազար հայ բնակչութիւն ունեցող Ուրուկուէյէն հնչող կեցուածքները, որոնք ազրպէյճանական կողմին մտքին մէջ այն մտավախութիւնը, իսկ հայկական կողմին համար այն յոյսը կ՛արթնցնեն, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջինը ճանչցած երկիրը կրնայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը առաջինը ճանչցող երկիրը դառնալ:
Վերոնշեալ բոլոր զարգացումներն ալ տեղի կ՛ունենային Հայ դատի յանձնախումբի մասնաճիւղերու ջանքերուն շնորհիւ: Իրողութիւն մը, որ չէր կրնար վրիպիլ Ազրպէյճանի իշխանութեանց ուշադրութենէն, որոնք այժմ հանրապետութեան նախագահի մակարդակով իսկ մատնացոյց ընելով կը յայտարարեն. «Մեր թշնամին հայկական լոպին է»:
Իլհամ Ալիեւի այդ յայտարարութիւնը հայկական լոպիին տարած աշխատանքի կարեւորութեան եւ ձեռքբերումներուն արժէքին մասին վկայութիւն մըն է, որ թէեւ շքանշանի մը տուչութեան համազօր է, սակայն նաեւ տողատակի «պատերազմի» յայտարարութիւն մըն է: Ալիեւ 16 նոյեմբերին Պութա պալատին մէջ իր ղեկավարած կուսակցութեան հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նաեւ կը նշէր երկրորդ թշնամի մը` իսլամոֆոպիան, քայլ մը, որ աւելի հայկական լոպիին դէմ պայքարի զէնքի բացայայտում մըն էր, քան երկրորդ թշնամիի մատնանշում:
Ալիեւ միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած եւ ժխտական բնոյթ ունեցող այդ եզրը կ՛ուզէ օգտագործել շանթաժի ենթարկելու համար տարբեր երկիրներու օրէնսդիրները, որոնք իսլամոֆոպի պիտակը պիտի կրեն, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման համար հայկական լոպիին դիմումին ընդառաջեն:

