Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Գեղարուեստը Եւ Առողջ Ապրելակերպը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գեղարուեստը եւ առողջ ապրելակերպը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց երաժիշտ Զաքար Քէշիշեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, թէ իբրեւ գեղարուեստ, գեղանկարչութիւնը, ձեռարուեստը, մանաւանդ երաժշտութիւնը բարերար ազդեցութիւն ունին մարդու Ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան կառոյցին վրայ` վեր բարձրացնելով անձը ամէնօրեայ աշխատանքի, ընկերային, տնտեսական մտահոգութիւններէ եւ անոնց պատճառած ընկճուածութենէն:

Զաքար Քէշիշեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով գեղարուեստը` իբրեւ մարդու հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւններու հանրագումարը, տալով համապատասխան օրինակներ եւ բացատրութիւններ: Այնուհետեւ ան մէկ առ մէկ անդրադառնալով գեղարուեստի զանազան մարզերուն, ինչպէս` երաժշտութիւնը, կերպարուեստը, Ֆիլմարուեստը, գրականութիւնը, պարարուեստն ու այլ մարզերուն, անոնց մասին խօսեցաւ` շեշտելով անոնցմէ իւրաքանչիւրին բնոյթը եւ մարդու կեանքին մէջ անոնց ունեցած անդրադարձը` յայտնելով միաժամանակ, որ տարբեր մարզերը ընդհանուր գեղարուեստի ներկապնակին տարբեր գոյներն ու երանգներն են եւ փոխկապակցուած կերպով կը ներգործեն մարդու հոգեմտաւոր աշխարհին վրայ:

Ան նաեւ խօսեցաւ շարք մը կեղծ ու վնասարար երեւոյթներու մասին, ինչպիսին են աղմկարար երաժշտութիւնը, վախազդու ժապաւէնները, որոնց ներգործութիւնը վնասակար է մարդու հոգեբանութեան, հետեւաբար նաեւ` ընդհանուր առողջապահութեան համար:

Զաքար Քէշիշեան շեշտեց , որ մարդու մարմնի առողջութեան գլխաւոր հիմքերէն մէկն է հոգեւոր առողջութիւնը, եւ մարդ ինչքա՛ն գեղարուեստին նկատմամբ ընկալունակ ու զարգացած ըլլայ եւ իր կեանքին մէջ առնչութիւն ունենայ վաւերական արժէք ներկայացնող արուեստի հետ, այնքան կ՛ապրի ուրախ ու հոգեկան հաւասարակշիռ կեանք մը, որուն ընթացքին միշտ ալ գեղեցիկ ու հետաքրքրական նորութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի:

Եզրափակելէ առաջ իր դասախօսութիւնը, Զաքար Քէշիշեան բացատրեց, որ գեղարուեստը մարդուն անդաւաճան ընկերներէն մէկն է, եւ մարդկային կեանքի մը տեւողութիւնը անբաւարար է ամբողջութեամբ կարենալ վայելելու ազգային թէ համաշխարհային գեղարուեստի հարստութիւնները:

Ան նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ լիբանանահայ կեանքին մէջ մանուկներուն եւ պատանիներուն գեղարուեստի նկատմամբ սէր ու ճաշակ հաղորդելու միտուած ջանքերուն եւ անոնց ունեցած նկատառելի արդիւնքին:

Դասախօսութեան աւարտին Զաքար Քէշիշեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ իբրեւ օրինակ տեսերիզով ցուցադրեց երաժշտական գոհար մը եւ ընթերցեց բանաստեղծութիւն մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES