Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին ձախողութիւնը պատերազմի ուրուականը կը հեռացնէ Լիբանանէն:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը զգուշացուց հարաւային Լիբանանի մէջ զինեալ բախումներու ու պատերազմի որեւէ ճակատ բանալու հաւանականութենէն եւ կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ այսօրուան դրութեամբ Դիմադրութիւնը շատ աւելի մեծ կարողութիւններ ունի` Իսրայէլի վրայ իր ճնշումները բանեցնելու իմաստով:
ԸՍՏ կարգ մը աղբիւրներու, Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով Պաապտայի պալատին մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունելու առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մասնակցութիւնը տակաւին յստակ չէ:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներէն չորսը մինչեւ ընթացիկ ամսուան աւարտը կրնան ազատ արձակուիլ:
ԶԱՀԼԷԻ բանտին մէջ խռովարարութիւններ արձանագրուած են, սակայն ապահովութեան ուժերը զանոնք անմիջապէս հակակշիռի տակ առած են:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան որոշումով, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 500 լ. ոսկիով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին իրենց ճշդուած թուականին, իսկ ցարդ անոնք պիտի կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն:
ՖԻՏԱՐԻ մէջ լիբանանցի քաղաքացի Ռոլան Շպէյրը սպաննող ոճրագործը` Շարպել Շ.-ն մահապատիժի դատապարտուեցաւ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա որոշած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Փարիզ այցելութիւնը յաջողցնել: Նոյն օրաթերթը աւելցուց, որ ականատեսներու համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ օր ճեմելու ընթացքին եղած է վարչապետ Միքաթիի Փարիզի բնակարանին մօտակայքը:
ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Խալիլ Ահմետ Պուպուն, որ «Ֆաթհ Իսլամ»-ի անդամ է եւ որ ամբաստանուած է դէպի Սուրիա մարտիկներ գործուղելու յանցանքով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի փրկութեան աշխատանքը արագացնել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ հաղորդակցութիւնը խզուած է, եւ իրենք կ՛ողջունեն նոր կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին տեղեակ պահած է, թէ առանց Հըզպալլայի հետ փոխըմբռնումի, Լիբանանի կայունութիւնը անկարելի է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Իքլիմ Խարրուպի քաղաքապետներն ու թաղապետները ընդունելու ընթացքին շեշտած է, թէ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին ուժգին փոթորիկներ պիտի հարուածեն Լիբանանը եւ պէտք է կատարեալ զգուշութեամբ դիմադրել այդ փոթորիկին:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենց պլոքին պատրաստած նախաձեռնութիւնը կը միտի Լիբանանը փրկել միջհամայնքային եւ միջյարանուանական սադրանքներէն:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Զահլէի Ժողովրդային պլոքի նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆ Ռիատ մեկնելու ժամադրութիւն մը չէր խնդրած, այլ զարմանքով ստացած էր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրիէն:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախաձեռնութիւնը ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգի եւ անոր ձախողութիւնը վճռական է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն Հըզպալլայի զէնքին նուաճումները օրինականացնել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման համոզուած է կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու իմաստով` աւելցնելով, որ իրենք հարց չունին մաս կազմելու նոր կառավարութեան կազմի մը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին պիտի ընդգծէ նոր կառավարութիւն մը կազմելու հաւանականութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը Կազայի մէջ ոչ մէկ ճնշումի պիտի ենթարկուի` ըլլայ ան ամերիկեան թէ այլ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ Իսրայէլ Կազայի մէջ չափը անցընէ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հանդիպում մը ունենալէ ետք յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ, կոչ ուղղեց յանգելու այնպիսի լուծումի մը, որպէսզի նուազագոյնը խորհրդարանին մէջ քաղաքական գործունէութիւնը շարունակուի:

