Սինիորա Ընդունեց Քոնելլին Եւ Ֆլեչըրը
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի Սինիորայի հետ քննարկած է լիբանանեան եւ միջինարեւելեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ վերջերս Սինիորայի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան արդիւնքները:
«Քոնելլի Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ նոր կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով ի գործ դրուող ջանքերուն նկատմամբ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ` ընդգծելով, որ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ կը համընկնի լիբանանցիներուն ձգտումներուն եւ կ՛ամրապնդէ Լիբանանի անկախութիւնը, կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանցիներուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը յարգելու:
Քոնելլի վերահաստատեց ազատ, անկախ եւ կայուն Լիբանանի մը նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը:
Սինիորայի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:


