Հարիրի. «Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Հետ Պիտի Աշխատինք Պաշտպանելու Համար Ազգային Գերիշխանութիւնը»

Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի սպանութեան Զ. տարելիցին առիթով, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք Մարտ 14-ի քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը, յատկապէս Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը` պաշտպանելու համար Լիբանանի ազգային գերիշխանութիւնն ու ազգային ազատ որոշումը:

«Մենք այս օրերուն խիստ կարիքը կը զգանք Փիեռ Ժեմայէլի ներկայութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, «որ նահատակ նախարարը Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան ուղիին վրայ բացառիկ աշխատանք տարած է, ինչպէս նաեւ իր հոգին զոհաբերած Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր»:

Share this Article
CATEGORIES