«Ճարտարարուեստի Յատուկ Հետազօտութիւններուն Գործնական Աշխատանքը Սկսած Է» Շեշտեց Վ. Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախագահեց հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի մարզի կարգ մը պատասխանատուներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան եւ Լիբանանի տարածքին գործող տարբեր համալսարաններուն միջեւ ստորագրուած «ԼԻՐԱ» ծրագիրին համաձայնագիրներուն գործադրութեան հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ ճարտարարուեստի յատուկ հետազօտութիւններու գործնական աշխատանքը արդէն իսկ սկսած է եւ այդ առումով գործակցութեան պատշիրային պարտաւորութիւնները ամբողջացած են:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ այդ ծրագիրով իրենք կը միտին լիբանանցի երիտասարդներուն աշխատանքի լայն դաշտ ապահովել:
Նշենք, որ «ԼԻՐԱ» ծրագիրը կ՛ընդգրկէ ճարտարարուեստի նախարարութեան, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններուն միջեւ գործակցութիւն ստեղծել` ճարտարարուեստի յատուկ հետազօտութիւններ կատարելու առումով:


