Դէպի Իսրայէլ Ուղղուած Երկու Հրթիռներ Ինկան Լիբանանեան Հողերուն Վրայ

Ըստ պետական լրատու գործակալութեան, երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 8:20-ին, Իսրայէլէն հարիւրաւոր մեթրեր անդին` Ուազզանիի մօտ գտնուող Իպըլ Ամըհ եւ Համամես շրջաններուն մէջ «Քաթիուշա» տիպի երկու հրթիռներ ինկած են:

Աւելի ուշ Խիամի մէջ նաեւ լսուած են հրթիռարձակումի ձայներ, իսկ բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժեր խստացուցած են սահմանամերձ շրջանին մէջ իրենց ներկայութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES