Խորհրդարանի Նախագահը Շեշտեց Խորհրդարանական Յանձնախումբերուն Աշխատանքները Աշխուժացնելու Հեռանկարները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց ներկայութեան հաստատեց խորհրդարանական յանձնախումբերուն աշխատանքները աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ բարելաւել խորհրդարանին օրէնսդրութեան հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի զարմանք յայտնեց, որ կարգ մը երեսփոխաններ սկսած են հարց տալ 2006-2007 տարեշրջաններուն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հակասահմանադրական կառավարութեան իշխանութեան ընթացքին խորհրդարանին գործունէութեան մասին:
Պըրրի հաստատեց, որ այն յայտարարութիւնները, թէ օրին խորհրդարանը փակ էր, սխալ են` աւելցնելով, որ այդ հանգրուանին խորհրդարանական յանձնախումբերը 119 նիստեր գումարած են, ինչպէս նաեւ ինք լիագումար նիստերու հրաւէրներ յղած է, սակայն անոր հրաւէրները մնացած են անպատասխան:
Ժահժահ. Մամլոյ Ասուլիս
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան Մաարապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հարց տուաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ «ոճիր մը չի նկատուի՞ր, որ 2006-էն մինչեւ օրս 6 երեսփոխաններ նահատակուին եւ երկու ուրիշներ հրաշքով փրկուին քաղաքական սպանութիւններէ»:
Ժահժահ իր խօսքը ուղղելով Պըրրիի հարցուց անոր. «Ամօթ չե՞ս զգար, երբ խորհրդարանին մէջ նիստեր կը գումարես քաղաքական այնպիսի ուժի մը հետ, որ օրինական կերպով ամբաստանուած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով, ինչպէս նաեւ անոր մասին կասկածներ կան, թէ ան կրնայ սպաննած ըլլալ նաեւ նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնին: 25 քաղաքական սպանութենէ եւ պայթումներէ ետք ոճիր չէ՞ նոյն խորհրդարանին մէջ այդ կողմերուն հետ ժողովներ գումարելը»:

