Լիբանանի Անկախութեան Առիթով Մաղթանքներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց բանակին դէմ կատարուած տեղեկատուական ցեխարձակումներուն առնչութեամբ` նկատի ունենալով բանակին փորձերուն պատճառած երթեւեկի խճողումի հարցը:

Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակին առիթով բանակին հրամանատարութիւնը շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ շեշտեց, որ անկախութիւնը միայն բանակին չի պատկանիր, այլ` բոլոր լիբանանցիներուն անխտիր:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակին տողանցքը Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան խորհրդանիշն է, որ բանակին համար հպարտութիւն է, ինչպէս նաեւ այդ անկախութիւնը պաշտպանելու իմաստով առաջնահերթութիւն:

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ կոչ ուղղեց անոնց ներքին տարակարծութիւնները լուծելու նպատակով ազգային երկխօսութիւնը նկատի ունենալու իբրեւ միակ միջոց:

Իր կարգին, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Լիբանանի իշխանութեան պետերը, բանակի հրամանատարն ու լիբանանցիները շնորհաւորեց երկրին անկախութեան տօնին առիթով` բարձր գնահատելով Լիբանանի անկախութեան պահպանման ի խնդիր արձանագրուող զոհողութիւնները:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան անկախութեան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` շեշտելով, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը Լիբանանի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու լաւագոյն զէնքն է:

Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը իր կարգին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յանձնառու մնալու «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» տարազին եւ զգուշանալու Լիբանանը թիրախ դարձնող վտանգներէն:

Միւս կողմէ, նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչները, Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով ծաղկեպսակներ զետեղեցին 69 տարի առաջ այդ անկախութիւնը կերտած անձնաւորութիւններուն դամբարաններուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES