12 Դեկտեմբերին «Սուրիոյ Բարեկամներու» Ժողով` Մարոքի Մէջ
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»ու ժողովը տեղի պիտի ունենայ 12 դեկտեմբերին: Մարոքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հոկտեմբերին ծրագրուած հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ:
Կ՛ենթադրուի, որ հաւաքին պիտի մասնակցի առնուազն հարիւր պատուիրակութիւն` արաբական եւ եւրոպական շարք մը երկիրներէ, միջազգային կազմակերպութիւններէ եւ շարժումներէ: Աշխուժ մասնակցութիւն պիտի ունենայ նաեւ սուրիական ընդդիմութեան նորաստեղծ Ազգային համաձայնական մարմինը:
Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, կ՛ենթադրուի, որ հաւաքին մասնակցի նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն:
Քննարկումներու առանցքը պիտի կազմեն Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման եւ մարդասիրական օժանդակութեան առնչուող հարցերը:
Սուրիոյ ազգային խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սապրա յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք տնտեսութեան քայքայումը կանխարգիլելու համար 60 միլիառ տոլար գումարի մը կը կարօտի` նշելով, որ այդ գումարը պիտի յատկացուի լուծելու համար ամէնէն կարեւոր եւ նուրբ հարցերը, ինչպէս` քաղաքացիներու բնակարաններու ապահովման, պաշտամունքի վայրերու, դպրոցներու եւ այլ վայրերու վերանորոգման հարցերը:
Սապրա ըսաւ, որ «մարդկային այս մեծ աղէտի հետեւանքներու վերացման համար պէտք է միջազգային ամբողջական զօրակոչ տեղի ունենայ»` նշելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը «մարդասիրական մեծ աղէտ մը կանխարգիլելու համար արաբ եղբայրներուն եւ միջազգային ընտանիքին կը վստահին»:
Թրքական պաշտօնական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Անգարա սուրիական քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերուն վերաբերեալ իսկական մտավախութիւններ ունի: «Այդ մտավախութիւնները Թուրքիան կը մղեն ՕԹԱՆ-էն օժանդակութիւն խնդրելու` մեկնելով այն իրողութենէն, որ Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի անդամ է եւ անոր ապահովութիւնը ՕԹԱՆ-ի ապահովութեան մաս կը կազմէ»:
Աղբիւրը շեշտեց, որ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներու տեղակայման եւ Սուրիոյ հիւսիսը ապահովական գօտիի ստեղծման հաւանականութեան մասին շշուկներուն միջեւ որեւէ կապ չկայ:
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ թրքական գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ գոյութիւն ունի իսկական կարելիութիւն մը, որ այդ զէնքերը կրնան դրացի երկիրներուն, ներառեալ` Թուրքիոյ դէմ օգտագործուի` «իբրեւ պատիժ սուրիացի ժողովուրդին կողքին կանգնելուն համար»: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը ապագայ որեւէ մարտահրաւէրի դիմակայման համար իր ուժին վրայ վստահութիւն ունի, սակայն ինչ կը վերաբերի իր քաղաքացիներու ապահովութեան, պատահականութեան որեւէ առիթ պիտի չտայ եւ կը փորձէ իր քաղաքացիներէն հեռացնել վտանգը, որքան ալ չնչին ըլլայ անիկա:
Նշենք, որ ՕԹԱՆ երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա դաշինքէն պաշտօնապէս խնդրած է Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ տեղակայել:
Լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական թղթածրարի խորքին քաջածանօթ դիւանագէտներու արծարծած դիպաշարը հետեւեալն է. Սուրիոյ տագնապին առնչակից կողմերէն ոչ ոք յաղթանակ արձանագրելու կարելիութիւն ունի եւ մօտիկ ապագային հաշտութեան որեւէ ցուցանիշ չկայ, Սուրիոյ մէջ պատերազմը երկարատեւ պիտի ըլլայ եւ զայն պիտի առաջնորդէ ամբողջական փտումի:
Ըստ նախատեսուած դիպաշարին, ո՛չ վարչակարգը պիտի վերատիրանայ Սուրիոյ, ո՛չ ալ ընդդիմադիրները կրնան այդ մէկը կատարել, ուստի Սուրիա երկար ատեն քաոսի պիտի մատնուի, եւ զանազան կողմեր իրենց շրջանային ու միջազգային պատերազմները պիտի մղեն Սուրիոյ հողերուն վրայ, ուր իրենց իշխանութեան գօտիներ պիտի ստեղծուին, ճիշդ ինչպէս Սուրիա եւ այլ ուժեր Լիբանանի մէջ իրենց պատերազմները մղեցին:

