Կազայի Մէջ Զինադադարը Ուժի Մէջ Մտաւ. Բազմահազար Պաղեստինցիներ Յաղթանակ Տօնեցին
Երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ ուժի մէջ մտաւ պաղեստինցիներուն եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարը, որուն հիմամբ Իսրայէլ կը դադրեցնէ ահաբեկումի գործողութիւնները եւ Կազայի բնակչութեան երթեւեկի աւելի մեծ ազատութիւններ կու տայ:
Զինադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք Կազայի մէջ բազմահազար պաղեստինցիներ փողոց դուրս եկան` տօնելու համար իրենց յաղթանակը:
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի դաշնակից Ուաշինկթըն բուռն կերպով Անգարան քննադատեց Իսրայէլի հասցէին վերջինիս շատ խիստ յայտարարութեանց համար: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իսրայէլը «ահաբեկչական պետութիւն» նկատած էր եւ նշած, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն դէմ «ցեղային մաքրագործման» գործողութիւն շղթայազերծած է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ «կը կարծենք, որ Թուրքիոյ կողմէ շղթայազերծուած տեղեկատուական շատ խիստ յարձակումը որեւէ օգուտ պիտի չբերէ, եւ այդ մէկը յստակ կերպով ըսինք թուրքերուն»:
Նուլընտ ըսաւ, որ «առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, նախարարը (Քլինթըն) թրքական կառավարութեան յստակ կերպով այդպիսի յայտարարութեանց նկատմամբ իր մտահոգութիւնը յայտնեց»:
Նուլընտ նշեց, որ Քլինթըն Իսրայէլի իշխանութեանց հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկած է Կազայի մէջ բռնարարքները դադրեցնելու հարցը: Ըստ անոր, աւելի քան երկու ժամ տեւած բանակցութիւններուն մասնակցած են նաեւ Իսրայէլի արտաքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականն ու այլ պաշտօնատար անձեր:
Անոնք «Քլինթընին ներկայացուցած են Կազայի մէջ տիրող իրավիճակը եւ այն հետեւանքները, որոնց կրնայ յանգեցնել իսրայէլեան քաղաքներու հրթիռակոծումը», ըսաւ Նուլընտ:
Ամերիկացի պաշտօնատարը ցաւակցութիւն յայտնեց իսրայէլացի քաղաքացիներու մահուան համար: «Անոնք քննարկած են իրավիճակի կարգաւորման ուղղուած ջանքերը, Իսրայէլի անվտանգութեան ապահովման ու Կազայի բնակչութեան կեանքի պայմաններու բարելաւման առնչուող հարցեր», ընդգծեց Նուլընտ:
Քլինթըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ունեցած միացեալ մալմոյ ասուլիսի մը ընթացքին գնահատեց զինադադարի հաստատման համար Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի թափած ջանքերը` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու իրենց գործընկերները աշխատանք պիտի տանին զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքեր թափելու:
Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց, որ «կը նախընտրենք կացութիւնը դիւանագիտական միջոցներով լուծել, սակայն մեր ժողովուրդը պաշտպանելու յանձնառու կը մնանք»` շեշտելով, որ Կազայէն հրթիռարձակումները կանխարգիլելու համար բոլոր միջոցները պիտի օգտագործէ:
Քլինթըն երէկ այցելեց Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Մուրսիի հետ: Նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ անոնք քննարկած են «Կազայի կացութեան մագլցումը կասեցնելու միջոցները, զինադադարի հաստատումը, շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար համապարփակ խաղաղութեան հաստատումի ուղղութեամբ երթի եւ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման հարցերը»:
Նշենք, որ Քլինթընի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրոյի միջեւ նախատեսուած հանդիպումը ջնջուեցաւ:
Պաղեստինեան կառավարութեան մամլոյ գրասենեակի ղեկավարը յայտնեց, որ «ամերիկեան վարչակարգը Կազայի մէջ թշնամիին արարքներուն պատասխանատու կը նկատենք»: «Թշնամին կը մերժէ կացութեան հանդարտեցման համար մեր պայմանները», ըսաւ ան:
Իսրայէլեան կառավարութեան բանբեր Մարք Ռեկեւ յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ Կազայի տագնապին գտնել դիւանագիտական լուծում մը, որ հարաւային Իսրայէլի բնակչութեան համար երկարատեւ լուծում մը կ՛ապահովէ: Ան «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ «կը յուսամ, որ դիւանագիտական լուծում մը ըլլայ, սակայն մինչեւ հիմա այդ լուծումին չհասանք»:
Աղբիւրներ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ «Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ համաձայնութիւն չկայ, որովհետեւ Իսրայէլ կը մերժէ շրջափակումը վերցնել»:
Իրանեան Կեցուածքը
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտարարեց, որ իր երկիրը հպարտ է Կազայի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան իր ցուցաբերած զինուորական աջակցութեամբ` արաբական երկիրներուն կոչ ուղղելով «դիմադրողներուն զէնք տրամադրելու»:
Իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լարիժանի պատրաստակամութիւն յայտնեց «պաղեստինցի ժողովուրդին եւ Կազայի բնակչութեան կողքին կանգնելու եւ բռնագրաւող գոյացութեան դէմ կռուելու»:
Լարիժանի իր խօսքը ուղղեց արաբական երկիրներուն, որոնք «Պաղեստինի վրայ վախնալ կը յաւակնին»` յայտնելով, որ «պէտք է շարժիք եւ իրողական գետնի վրայ արդիւնք ունեցող օժանդակութիւն տրամադրէք… պաղեստինցիները խօսքերու եւ խորհրդաժողովներու կարիք չունին, այլ` աշխատանքի եւ իսկական օժանդակութեան»:
«Եթէ այդ պետութիւնները կ՛ուզեն պաղեստինցիներուն կողքին կանգնելնուն համար հպարտ ըլլալ, ապա պէտք է անոնց զէնք տրամադրեն», ընդգծեց Իրանի խորհրդարանի նախագահը:
Թել Աւիւի Մէջ Փոխադրակառքի Ականահարում
11 իսրայէլացիներ վիրաւորուեցան, երբ Թել Աւիւի Սաւուղ թագաւոր թաղամասին մէջ փոխադրակառք մը ականահարուեցաւ: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ տեղի ունեցածը «ահաբեկչական արարք» մըն է:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ Թել Աւիւի մէջ փոխադրակառքի ականահարման գործողութիւնը տեղի ունեցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին մօտ, իսկ գործողութեան երկու հեղինակները յաջողած են փախուստ տալ:
Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ Թել Աւիւի մէջ փոխադրակառքի պայթեցման գործողութիւնը ականահարում մըն է եւ ոչ թէ անձնասպանական գործողութիւն մը, ինչպէս նախապէս կը կարծուէր:
«Քուտս» պատկերասփիւռի կայանը քիչ ժամանակ ետք հաղորդեց, որ Թել Աւիւի մէջ երկրորդ պայթում մը տեղի ունեցած է, սակայն իսրայէլեան պատկերասփիւռի առաջին կայանը հերքեց այդ լուրը:
Ականահարումէն ետք, Թել Աւիւի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը փակեց իր դռները:
Մինչ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա դատապարտեցին ականահարումը, պաղեստինեան քանի մը խմբաւորումներ անջատաբար ստանձնեցին գործողութեան պատասխանատուութիւնը:
Ապահովական Կացութիւնը
Պաղեստինեան խմբաւորումները շարունակեցին հրթիռակոծել իսրայէլեան բնակեցման վայրերը: Տիրող կացութեան մէջ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Բերսեբա քաղաքը լքուած քաղաքի վերածուած է:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան Եգիպտոսի եւ Կազայի միջեւ փապուղիներու շրջանին դէմ աւելի քան 20 յարձակում գործեց, իսկ Ռաֆահ քաղաքի սահմանին մօտ տեղակայուած իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Կազայի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող միջազգային օդակայանը: Իսրայէլեան հրետանին նաեւ բուռն կերպով ռմբակոծեց հիւսիսային Կազան:
Իսրայէլեան օդուժը Նասիրիաթի մէջ հարուածեց Կազայի կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէի խորհրդականին բնակարանը: Իսկ իսրայէլեան ծովուժը ռմբակոծեց Կազայի նաւահանգիստը:
Կազայի մէջ արձանագրուած զոհերուն թիւը երէկ բարձրացաւ 153-ի:

