Ճատրակ. Ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Շանթ Սարգսեան

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջէն (armchess.am)` Արմենփրես լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ 7-18 նոյեմբերին Սլովենիոյ մայրաքաղաք Մարիպորի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ճատրակի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումներուն, տղոց 12 տարեկան եւ վար դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան:

Նշենք, որ տղոց 10 տարեկան եւ վար դասակարգին մէջ աշխարհի փոխախոյեան հանդիսացած Շանթ Սարգսեան ՖԻՏԷ-ի վարպետութեան թեկնածու է:

Անկէ բացի, Հայաստան ունեցաւ այլ փոխախոյեան մըն ալ` կրանտմասթըր Յովհաննէս Կապուզեանը (18 տարեկան եւ վար):

Share this Article
CATEGORIES