Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Կազմը Յստակացաւ

Յառաջիկայ 25 նոյեմբերէն 8 դեկտեմբեր Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը:

Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դերենիկ Ոսկանեան PanArmenian.Net լրատուական կայքէջին ներկայացուց այն տասը մարզիկներու անունները, որոնք ելոյթ պիտի ունենան երեւանեան ռինկին վրայ:

Աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Հայրիկ Նազարեան (49 քկ), Հենրիկ Մոքոյեան (52 քկ), Տարօն Սողոմանեան (56 քկ), Արման Դարչինեան (60 քկ), Գոռ Երիցեան (64 քկ), Եուրա Միքայէլեան (69 քկ), Արտաւազդ Հարոյեան (75 քկ), Նիկոլ Հայրապետեան (81 քկ), Ռաֆայէլ Սիմոնեան (91 քկ) եւ Նարեկ Մելքոնեան (91 քկ եւ վեր):

Իր խօսքին մէջ Ոսկանեան ըսաւ. «56 եւ 59 քկ դասակարգերուն մէջ կատարեցինք զտումի մրցումներ, որոնցմէ ետք ընտրեցինք լաւագոյնները: Մինչեւ ախոյեանութիւն, մեր ուսումնամարզական հաւաքը պիտի շարունակենք Աբովեանի մէջ, ուր կը գտնուին նաեւ Վրաստանի, Յունաստանի եւ Ֆրանսայի հաւաքականները»:

Ըստ անոր, բոլոր խումբերն ալ Հայաստան ժամանած են իրենց հիմնական կազմով` փորձելով պայքարիլ, մետալներու տիրանալու համար:

Հայաստան եւս պատրաստ է մետալներու տիրանալու եւ արդարացնելու իր վրայ դրուած յոյսերը», եզրափակեց ան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES