Էլիզէի Մէջ Հոլլանտ Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին

Հոլլանտ եւ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ աւարտեց Ֆրանսա կատարած իր այցելութիւնը` հանդիպում մը ունենալով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Յետմիջօրէին Հոլլանտ Միքաթին ընդունեց Էլիզէի պալատի մուտքին, ուր պաշտօնական լուսանկարը ստանալէ ետք անոնք ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Հոլլանտ շեշտեց, որ Ֆրանսա ներքին լիբանանեան հարցերուն միջամուխ պիտի չդառնայ, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն դասեր պիտի չսորվեցնէ, «սակայն Փարիզ կը մաղթէ, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը իրենք զիրենք պատասխանատու զգան ներկայ հարցերուն լուծումներ գտնելու», ըսաւ ան:

Հոլլանտ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ըլլալու զգաստ եւ շեշտելու իրենց ազգային միասնականութեան, գործակցութեան եւ կայունութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել Լիբանանը շրջապատող բոլոր տագնապները:

Հոլլանտ ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքը` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնը շարունակելու առումով:

Ֆրանսայի նախագահը շեշտեց, որ ինք կը յարգէ նաեւ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքը` Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ:

«Ֆրանսա մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն մեծ բեռը բաժնեկցելու առումով», ըսաւ ան:

Հոլլանտ հաստատեց, որ Ֆրանսա նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի ազգային միասնականութեան, ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին: Ան աւելցուց, որ Ֆրանսա կը միտի նաեւ օժանդակել լիբանանեան բանակի զինման` մեկնելով այն համոզումէն, թէ բանակը զինուորական միակ հաստատութիւնն է, որ կրնայ երաշխաւորել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Աւելի ուշ լիբանանեան պատուիրակութիւնն ու անոր մաս կազմող նախարարներուն ֆրանսացի պաշտօնակիցները միացան նախագահ Հոլլանտի եւ վարչապետ Միքաթիի` աշխատանքային աւելի ընդարձակ հանդիպումի մը նպատակով:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Հոլլանտին` Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան, Լիբանան կատարած անոր այցելութեան եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի երկխօսութեան ճիգերուն նկատմամբ անոր քաջալերանքին համար:

«Հոլլանտի մօտ շատ յստակ կ՛երեւի Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ տագնապին գծով որդեգրուած քաղաքականութեան նկատմամբ դրական համոզումը», ըսաւ Միքաթի` աւելցնելով, որ Հոլլանտի հետ քննարկած է նաեւ պաղեստինեան իրադարձութիւնները, լիբանանեան տնտեսութեան նկատմամբ ֆրանսական զօրակցութիւնը, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակը զինելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը:

Միքաթի դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի զօրակցութեան համար` ընդգծելով, որ ստորագրուած երկկողմանի համաձայնագիրները անմիջապէս գործադրութեան պիտի դրուին:

Վարչապետ Միքաթի իր յայտարարութիւնները եզրափակեց հաստատելով, որ Լիբանան ունի իսկական  մտերիմ պետութիւն մը, որ Ֆրանսան է:

 

Share this Article
CATEGORIES