Հաղորդագրութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, տարեկան իր աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս կը կազմակերպէ դրամահաւաք Ռատիոթոն:

«Մեր գիւղը» կարգախօսով ընթացող այս տարուան համահայկական թելեթոնին հասոյթը կը տրամադրուի Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման, որոնք կ՛ընդգրկեն գիւղապետարան, դարմանատուն, գրադարան, հանդիսութիւններու սրահ, եւ համակարգչային սենեակ: Այս աշխատանքներուն զուգահեռ, հիմնադրամը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պիտի շարունակէ ենթակառոյցներու եւ մասնաւորաբար դպրոցներու, մանկապարտէզներու, հիւանդանոցներու, ջրամատակարարման, կազատարներու, ճամբաներու կառուցումն ու վերակառուցումը, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան զարգացման եւ մարդասիրական աջակցութեան ծրագիրներուն իրագործումը:

Իսկ նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ վատթարացող իրավիճակը եւ անոր անդրադարձը սուրիահայութեան վրայ` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահութիւնը որոշեց այս տարուան դրամահաւաքի ծիրին մէջ, նաեւ աջակցիլ սուրիահայութեան` յատուկ դրամատնային հաշիւ մը բանալով Հայաստանի մէջ: Օրին, Լիբանանի մարմինը սուրիահայութեան օժանդակութեան իբրեւ մեկնարկ, նախորդ դրամահաւաքներէ հանգանակուած գումարէն հինգ հազար ամերիկեան տոլարի փոխանցում մը կատարեց սուրիահայութեան օժանդակութեան դրամատնային այս հաշիւին:

Հիմադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը նաեւ յայտարարեց, որ հիմնադրամի այս տարուան դրամահաւաքի հասոյթին 10 առ հարիւրը պիտի տրամադրէ սուրիահայութեան օժանդակութեան:

Արդարեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը իր կարգին որոշեց այս տարուան դրամահաւաք ռատիոթոնը կազմակերպել Հայաստանի երկրաշարժի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման օրը` ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012-ին, եւ իր հաւաքած գումարին որոշ բաժինը յատկացնել սուրիահայութեան օժանդակութեան:

Սակայն մարմինը միաժամանակ կը գիտակցի, որ լիբանանահայութիւնը նաեւ կ՛անցնի դժնդակ օրերէ, եւ լիբանանահայ կառոյցները նոյնպէս կարիքը ունին օժանդակութեան, առ այդ, այս տարուան դրամահաւաքի հասոյթին մէկ բաժինն ալ պիտի տրամադրուի լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններուն, որպէսզի անոնք նաեւ կարենան շրջանցել այս  դժուար հանգրուանը:

Եւ վերջապէս, արեան գնով ազատագրուած մեր հողերու ու անկախացած մեր Արցախի վերաբնակեցման ի նպաստ, մարմինը իր պարտքը կը սեպէ միանալ այս տարուան որդեգրուած ծրագիրին եւ իր ներդրումը կը բերէ Արցախի ու Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման ծրագիրին:

Առ այդ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդին, ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012-ին մասնակցելու տարեկան Ռատիոթոնին` ի նպաստ սուրիահայութեան, լիբանանահայութեան, Արցախի ու համայն հայութեան գոյատեւման եւ բարօրութեան` միշտ հաւատալով, որ հզօր սփիւռքը երաշխիքն է հզօր հայրենիքին:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

Պէյրութ, 21 նոյեմբեր 2012

Share this Article
CATEGORIES