ՀՅԴ – Ազատ Դեմոկրատներ Հանդիպում
ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնած քաղաքական խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչներու հանդիպումը Ազատ դեմոկրատներ կուսակցութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Միջկուսակցական հանդիպումին ՀՅԴ-էն մասնակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան, իսկ Ազատ դեմոկրատներուն կողմէ` Խաչատուր Քոքոբելեան, Ալեքսանտր Արզումանեան եւ Անուշ Սեդրակեան:
«Հանդիպումը տեղի ունեցաւ փոխըմբռնումի մթնոլորտին մէջ: Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին հոլովոյթները քաղաքական շրջագիծին մէջ պահելու եւ կառուցողական դաշտ բերելու առումով նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ միասնական քաղաքական դաշտ ձեւաւորելու անհրաժեշտութիւնը: Միաժամանակ արձանագրուեցաւ, որ օրակարգային հարցերու հետ կապուած, կողմերը չունին անյաղթահարելի տարակարծութիւններ, եւ որ արձանագրուած ընդհանրութիւնները լաւ հիմք են հետագայ համագործակցութեան համար», յայտնեց Արսէն Համբարձումեան:
Այսօր կը սպասուի ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

