Հանրապետական Կուսակցութիւնը Կը Ձախողեցնէ Խորհրդարանի Արտահերթ Նիստին Կայացումը. «Ասիկա Պարզապէս Արհամարհանք Է Պետական Համակարգին Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
Երէկ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը ընդդիմութեան հրաւիրած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին չներկայացաւ, եւ խորհրդարանականներու անհրաժեշտ թիւի բացակայութեան պատճառով նիստը չկայացաւ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ մեծամասնութեան այդ քայլը որակեց արհամարհանք Ազգային Ժողովին նկատմամբ:
«Մեծամասնութեան ներկայանալը պարտաւորութիւն էր եւ ոչ թէ իրաւունք: Մեծամասնութիւնը այդ տարրական բանը չի գիտեր, պէտք է գային եւ ներկայանային նիստին, ինչպէս բոլոր պարագաներուն: Այս քայլով Ազգային ժողովի դերակատարութիւնը ոչինչի կը վերածուի, որովհետեւ սահմանադրութիւնը երեք դէպք կը նախատեսէ արտահերթ նիստեր հրաւիրելու համար` նախագահին, կառավարութեան եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն նախաձեռնութեամբ: Մեծամասնութիւնը կ՛ըսէ, որ Ազգային ժողովը այդ սահմանադրական իրաւունքներէն չի կրնար օգտուիլ», յայտարարեց Ռուստամեան:
Ըստ Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարին, պարտաւորութեան խախտում կայ ոչ միայն պատգամաւորներուն, այլեւ Ազգային ժողովի նախագահութեան կողմէ: Ան յայտարարեց, որ այս հարցով կը պատրաստուին դիմել բարոյագիտութեան յանձնախումբին: «Կա՛մ պէտք է ըսեն, որ բոլորն ալ իրարու հետ` ղեկավարութեան հրահանգով, հիւանդացած էին, բժիշկէն թուղթ բերեն, կա՛մ պէտք է ըսեն, որ պարզապէս թքած ունին օրէնքներուն վրայ եւ, ի լուր ամբողջ հասարակութեան, ըսեն, որ մենք մեր պարտականութիւնները չենք կատարեր: Ունինք դէպք, երբ յստակօրէն պէտք է ըսուի, որ մեծամասնութիւնը անպատասխանատու է», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը կը պատճառաբանէ, որ նախագահական ընտրութիւններէն քանի մը ամիս առաջ օրէնք կարելի չէ փոխել, Ռուստամեան արձագանգեց, որ այդ բոլորը պէտք է նիստի ժամանակ ըսէին, ոչ թէ նիստը ձախողեցնէին: Ընդդիմութիւնը իրենց չըսաւ` պարտադիր եկէք, համաձայնեցէ՛ք, այլ` եկէք քննարկենք: Անոնք քննարկումէն հրաժարեցան: Ըստ Ռուստամեանի, ասիկա պարզապէս պետական համակարգի նկատմամբ արհամարհանք է:


