Ազրպէյճան Զինադադարի Դրութիւնը Խախտեց Աւելի Քան 200 Անգամ

Հայկական բանակի տուեալներուն համաձայն, նախորդ շաբթուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է աւելի քան 200 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են շուրջ 600 կրակոցներ:

Բանակի յառաջապահ զօրամասերը, տուրք չտալով հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն, շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ վստահօրէն իրականացուցած են մարտական հերթապահութիւն:

Share this Article
CATEGORIES