Խմբագրական. Համայնքներու «Անկախութիւն»-ը Եւ Անկախ Պետութեան Հրամայականը

Շրջանային բռնկուածութեան եւ ներլիբանանեան քաղաքական բեւեռուածութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, Լիբանանի Հանրապետութիւնը աւանդական զինուորական շքերթով եւ շնորհակալական ընդունելութեամբ կը տօնակատարէ իր անկախութեան տարեդարձը: Դիւրաբեկ կայունութիւնը, որ հաստատուած է այսօր երկրին մէջ, անընդհատ հրահրում-զսպում մղումներու ենթակայ երեւոյթ է, որ անորոշութեան եւ անհեռանկարայնութեան մտապատկերներ կը ձեւաւորէ քաղաքացիներուն մօտ:

Քաղաքական անհամաձայնութիւնները վերստին խզումի հասնող բաժանարարութեան առաջնորդած են կողմերը: Խորհրդարանի նիստերու չմասնակցելու անտեղիտալի որոշումները կամ երկխօսութեան սեղանին շուրջ համախմբուելու կոչերուն կտրուկ մերժումները օրինական հաստատութիւններու անդամալուծման միտող քայլեր են: Հանգուցալուծումներու հնարաւորութիւնները պայմանաւորուած են կառավարութեան հրաժարականով միայն:

Միւս կողմէ, քաղաքական յենարան ունեցող եւ ապահովական կառոյց ներկայացնող անձնաւորութիւններու ֆիզիքական չէզոքացման փաստերը վերայայտնաբերած են քաղաքացիներու  անդորրութեան խափանման ուրուականը լիբանանեան երկնակամարին վրայ:

Այս բոլոր գործընթացները միջհամայնքային լարուած ենթահողի ձեւաւորման ու հաստատման նպաստող դրսեւորումներ կը նկատուին: Աւելի ճիշդը` շրջանային մակարդակի վրայ գերտէրութիւններու ճշդած օրակարգին տակ տեղադրուող ներիսլամական` սիւննի եւ շիի համայնքներուն միջեւ բախումնային դրուածքի յառաջացման քաղաքականութեան նպաստող իրադրութիւններ:

Արաբական աշխարհը ամբողջ ներարաբական բաժանուածութեան թէ աշխարհաքաղաքական ուժերու ներշնչումներուն լոյսին տակ խնդրոյ առարկայ դարձուցած է համաարաբական տարողութեամբ տագնապ դիմագրաւող անկախութիւնը:

«Արաբական գարուն»-ը տեղւոյն ժողովուրդներու ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարներու տոգորումներով միայն լուսաբանելը քաղաքական պարզամտութեան եւ քաղաքական մտածողութեան նախնականութեամբ կը բացատրուի: Տարբեր հարց, որ այդ կարգախօսները, եւ անոնց վրայ աւելցող մարդկային իրաւունքներն ու ժողովրդավարացման գործընթացները իրականացուող քաղաքական եւ զինուորական գործողութիւններուն անհրաժեշտ շղարշի դեր կը կատարեն:

Շրջանին մէջ արձանագրուող այս բոլոր իրադարձութիւնները լիբանանեան բոլոր կողմերուն կը յուշեն, որ համալիբանանեան գիտակցութեան ձեւաւորումը աւելի քան ինքզինք անհրաժեշտ կը դարձնէ գարնանային այս հովերուն երկիր թափանցման դէմ պատնէշներ կառուցելու: Այս անհրաժեշտութիւնը տեսական յղացք է անշուշտ, որովհետեւ ճիշդ է, որ Լիբանան արաբական աշխարհի ամէնէն ժողովրդավար երկիրներէն կը համարուի, այսուհանդերձ միաժամանակ իրողութիւն է նաեւ, որ համեմատական այս ազատութիւնը մայրիներու երկիրը վերածած է նաեւ թափանցումի, ազդեցութեան գօտիի, յենակէտերու եւ տարբեր պետութիւններու ծառայութիւններու համար բաց հրապարակի:

Լիբանան շատ սուղ վճարած է բաց ու անարգել գործելու հրապարակի իր հանգամանքին գինը: Համակողմանի այս ազդեցութիւններն ու միաժամանակ շահագրգռուածութիւններու խորացումը բնականաբար կը դժուարացնեն անկախ եւ ինքնիշխան գործելու պետութեան մը հիմնադրոյթներու իրականացումը: Կարմիր եւ կանաչ լոյսերը արտալիբանանեան քաղաքական միջավայրերու եւ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մէջ կը վառին ու կը մարին` եղանակ եւ կշռոյթ ճշդելով  այստեղի քաղաքական եռուզեռին:

Այս  բոլորին անմիջական ազդեցութիւնը կրողը քաղաքացին է, որուն հարցերը, դժգոհութիւններն ու մտահոգութիւնները կը մնան անարձագանգ եւ անպատասխան: Մանաւանդ որ յայտարարուող բաց նստացոյցերը, համայնքային յենարաններ փնտռող զինեալ խմբաւորումներու ներկայութիւնն ու կատարելիք գործողութիւններու սպառնական յայտարարութիւնները աւելիով կը մթագնեն երկրին ապագան: Երեւութապէս անկախ կը գործեն համայնքային տարազի տակ զինեալ խմբաւորումներ` բանակի հեղինակութիւնը մերժելու իրենց վարքագիծով եւ նոյնիսկ զինեալ դիմադրութիւն կամ ինքնապաշտպանութիւն յայտարարելու փաստերով:

Մինչդեռ «անկախ» գործելու այս եղանակը խորքին մէջ կը հարուածէ երկրին ու պետութեան իրողական անկախութիւնը: Որուն այնքան պէտք ունին Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը: Մանաւանդ այս օրերուն:

Share this Article
CATEGORIES