50 Տարի Առաջ (24 Նոյեմբեր 1962)

Լիբանան Երէկ Աննախընթաց Շուքով
Տօնեց
Անկախութեան Տարեդարձը

Այս Տարի Տօնախմբութիւնը Ժողովրդային
Կերպարանք
Ստացաւ Եւ Շուկաները Փակուեցան

Նախագահ Ֆուատ Շեհապ Հայրենաշունչ Պատգամ Մը
Ուղղեց
Լիբանանցի Ժողովուրդին

Լիբանան, պետութիւն եւ ժողովուրդ, այս տարի բացառիկ շուքով ու արտակարգ խանդավառութեան մթնոլորտի մը մէջ տօնեց նոյեմբեր 22-ի անկախութեան տարեդարձը: Ոչ միայն պատկան սպասարկութիւնները օրերէ ի վեր պատրաստութիւններ կը տեսնէին` մասնաւոր փայլք մը տալու համար այս տօնակատարութեան, այլ նաեւ ժողովուրդը, բոլոր թաղերու մէջ, տօնական օրերու յատուկ զարդարումներ կը կատարէր` լիբանանեան դրօշակներով, հանրապետութեան նախագահին նկարներով եւ գունաւոր թուղթերով, որոնք նկարչագեղ պատկեր մը կ՛ընծայէին փողոցներուն:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահը կը ստորագրէր հրամանագիր մը` նոյեմբեր 22-ը պաշտօնական արձակուրդի օր հռչակելով ոչ միայն պաշտօնական հաստատութիւններու, այլ նաեւ` սեփական հաստատութիւններու համար: Իր կարգին, Առեւտրականներու ընկերակցութիւնը հաղորդագրութեամբ մը բոլոր առեւտրականներէն կը պահանջէր հինգշաբթի փակ պահել խանութները եւ մասնակից դառնալ ազգային ցնծատօնին:

Արդարեւ, հինգշաբթի Պէյրութի եւ Լիբանանի այլ քաղաքներու բոլոր վաճառատուներն ու խանութները փակ մնացին, եւ ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունեցաւ խուռներամ մասնակցելու տօնախմբութեանց: Պաշտօնական արձակուրդի պատճառով «Ազդակ» եւս լոյս չտեսաւ երէկ, լիբանանեան բոլոր թերթերուն հետ:

Հանդիսութիւնները սկսան չորեքշաբթի իրիկուն եւ շարունակուեցան հինգշաբթի ամբողջ օրը:

Պէյրութի մէջ չորեքշաբթի իրիկուն բանակը կազմակերպեց ջահագնացութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Պուրճի հրապարակին եւ Սպայից ակումբին միջեւ, ուր տրուեցաւ աւանդական ճաշկերոյթը` ի պատիւ հանրապետութեան նախագահին: Ջահագնացութեան ընթացքին տեղի ունեցան հիանալի հրավառութիւններ:

Անկախութեան տօնին առիթով, չորեքշաբթի իրիկուն ժամը 8:00-ին, հանրապետութեան նախագահը ձայնասփիւռէն իր պատգամը ուղղեց լիբանանցի ժողովուրդին: Ճառեր խօսեցան նաեւ խորհրդարանի նախագահը, վարչապետը եւ տեղեկատուութեան նախարարը:

Ստորեւ կու տանք կարեւոր հատուածներ զօրավար Ֆուատ Շեհապի պատգամէն.

Նախագահին Պատգամը

Յայտնելէ ետք, թէ հայրենիքը կը հրաւիրէ բոլոր լիբանանցիները` տօնելու անկախութեան տարեդարձը, նախագահ Շեհապ իր պատգամին մէջ կ՛ըսէ.

«Տասնինը տարի առաջ, օրը օրին լիբանանեան ժողովուրդը իրագործեց պետութեան անկախութիւնը, եւ ահաւասիկ հիմա կը դարբնէ անկախութեան պետութիւնը: Անկախութեան օրէն սկսեալ լիբանանցի ժողովուրդը շարունակ տքնած է, որպէսզի նետուին հիմերը արդիական պետութեան մը:

«Քաղաքացիներու մասնակցութիւնը պետութեան աշխատանքին` յաջողութեան նախապայմանն է ազգային գետնի վրայ: Ասիկա քաղաքացիին պարտականութիւնն է հանդէպ պետութեան, նոյնքան նուիրական, որքան իր իրաւունքները` պետութենէն:

«Զարգացման գործը, որ կը կատարուի տնտեսական եւ ընկերային մարզերու մէջ, կը ձգտի ոչ միայն բարձրացնել իւրաքանչիւրին կեանքին մակարդակը, այլ նաեւ` բոլոր լիբանանցիները միաձուլել քուրային մէջ ընկերութեան մը, որուն ազգային միութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ, որքան գոյակցութեան եւ բնակչութեան զանազան դասակարգերու ընկերակցութեան, նոյնքան նաեւ` իւրաքանչիւր քաղաքացիի այն համոզման վրայ, թէ ինք մաս կը կազմէ մէկ ժողովուրդի եւ ամբողջովին հաւատարիմ է մէկ հայրենիքի: Այսպիսով միայն ազգային միութիւնը կրնայ ստանալ իր ամէնէն ազնիւ եւ ամէնէն կենսունակ արտայայտութիւնը:

«Այս նոր ոգիով համակուած` պետութիւնը կը ջանայ ընկերային խնդիրը լուծել այնպիսի ձեւով մը, որ իւրաքանչիւր լիբանանցիի մօտ աւելի եւս զօրանայ այն հաւատքը, թէ արդիականանալ եւ իր ընկերային ու տնտեսական կեանքը  զարգացնել ուզող երկիր մը այդ նպատակին կրնայ հասնիլ ժողովրդավարութեան ճամբով:

«Տեսանք, թէ ինչպիսի՛ գիտակից ինքնաբուխութեամբ, ինչպիսի՛ խանդավառութեամբ եւ վճռակամութեամբ ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ իր քաջարի զինեալ ուժերուն հետ` փշրելու համար վերջին փորձը քանի մը մոլորածներու, որոնց նպատակներէն մէկն էր խլել իրմէ իր քաղաքական վարչակարգը, որմէ կը մերժէ զատուիլ: Այսպիսով, անգամ մը եւս փաստեց, թէ երկրի մը մէջ, ուր կը տիրեն վստահութիւնն ու քաղաքացիին եւ պետութեան գործակցութիւնը, ժողովրդավարութիւնը լաւ ճամբու մէջ է` ամրապնդելու համար հայրենիքը եւ երաշխաւորելու անոր բարօրութիւնն ու փառքը»:

Յայտնելէ ետք, թէ Լիբանան արաբական աշխարհի մէջ անշահախնդրութեամբ կը կատարէ իր դերը, նախագահը իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց արտասահմանի լիբանանցիներուն եւ եզրակացուց.

«Անոնց, որոնք անկախութեան օրը զոհեցին իրենց անձը, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք ամէն օր կը պատասխանեն պարտականութեան կոչին, գերագոյն զոհողութեան այդ մեծ հոգիներուն` երախտագէտ հայրենիքը կ՛ուղղէ իր ողջոյնը:

«Կեցցէ Լիբանա՛ն»:

 

ՀՄԸՄ-ի  Ջահագնացութիւնը Անկախութեան Տօնին Առթիւ

500 Սկաուտներ, Արենուշներ Եւ Գայլիկներ
Տողանցեցին
Պէյրութի Պողոտաներուն Վրայ

Լիբանանի անկախութեան տարեդարձին առիթով ՀՄԸՄ-ի սկաուտական Վերին խորհուրդին կազմակերպած ջահագնացութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի իրիկուն, ժամը 6:30-էն սկսեալ:

Ջահագնացութիւնը, որ կատարուեցաւ անթերի կարգապահութեամբ, խանդավառութիւն ստեղծեց բոլոր այն թաղերուն մէջ, ուրկէ անցան ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:

Թափօրը ճամբայ ելաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբէն: Առջեւէն կ՛երթային ութ մոթորսիքլէթ ոստիկաններ, որոնց ետեւէն` երկու ջահակիր երէցներ, ապա` ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը, որմէ ետք` դրօշակիր մարզիկները, որոնք կը հետեւէին նախագահ Շեհապի մեծադիր նկարը կրող ինքնաշարժի մը:

Այնուհետեւ կու գային Օգնութեան խաչի արծուիկները, ապա, յաջորդաբար, Պէյրութի, Էշրեֆիէի, Քարանթինայի եւ Պուրճ Համուտի սկաուտներն ու արենուշները, ընդամէնը` 500 մեթր երկարութեամբ թափօր մը, որ ջահ ի ձեռին անցաւ Ս. Նշանի փողոցէն, Ռիատ Սոլհ հրապարակէն, Պուրճէն, Ժըմմէյզիէն, Նահրի պողոտայէն` ի վերջոյ հասնելու համար Պուրճ Համուտ, ուր քաղաքապետարանի շէնքի պատշգամէն ողջունուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի եւ քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներուն կողմէ:

Հոն, նուագախումբը հնչեցուց Լիբանանի քայլերգը եւ «Յառաջ, նահատակ»-ը: Երէց սկաուտ  մը կարդաց արաբերէն ուղերձ մը:

Այնուհետեւ, սկաուտները կատարեցին Պուրճ Համուտի հայկական թաղերուն շրջանը եւ ցրուեցան ՀՄԸՄ-ի ակումբին առջեւ:

Share this Article
CATEGORIES