Մեր Մոլորակին 7 Միլիառ Բնակիչները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անոնք հարուստ են, աղքատ, առողջ, տկար… մարդիկ տարբեր ձեւով կ՛ապրին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

Մենք երկրագունդը կը գրաւենք շատ անհաւասար կերպով, կարգ մը շրջաններ, ինչպէս Հնդկաստանը, շատ բնակուած է, մինչ ուրիշ երկիրներ, ինչպէս Աւստրալիան, գրեթէ պարապ են:

Բնակչութիւն Եւ Հարստութիւն

Մեծ թիւով բնակչութիւն ունեցող վայրերը ամէնէն հարուստ շրջանները չեն: Հնդկաստանը, որ ունի աւելի քան 1 միլիառ բնակիչ, տակաւին աղքատ երկիր մըն է, մինչ 65 միլիոն բնակիչ ունեցող Ֆրանսան հարուստ երկիր մըն է: Ինչո՞ւ: Այս հակադրութիւնները հասկնալու համար պէտք է ուսումնասիրել երկրի մը պատմութիւնը, անոր կլիման, անոր բնական հարստութիւնները, անոր պատմութիւնը…

Հարստութիւններ Եւ Սնունդ

Աշխարհի բնակչութեան 20 առ հարիւրին կը պատկանի մոլորակին բնական հարստութիւններուն 80 առ հարիւրը: Հարուստ երկիրներու բնակիչները աւելի լաւ կ՛ուտեն, քան աղքատ երկիրներու բնակիչները: Մինչ աղքատ երկիրներու բնակչութիւնը յաճախ սնունդի պակասէ կը տառապի, հարուստ երկիրներու բնակչութեան մեծ մասը չափազանց գիրութեան հարցեր կ՛ունենայ: Հարստութիւնը ամէն ինչ չի լուծեր…

Գիտէի՞ր, Թէ

  • Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպային կը պատկանի աշխարհի հարստութիւններուն մեծ մասը: Սակայն այդ երկիրներուն մէջ ամբողջ ժողովուրդը չէ, որ կ՛օգտուի այդ հարստութենէն, եւ անօթի մնացող շատ անձեր կան:
  • Պրազիլը եւ Չինաստանը անցումային շրջան մը կ՛ապրին. անոնք կը հարստանան եւ անոնց ժողովուրդին ապրելակերպը կը փոխուի:
  • Այն բնակիչները, որոնք միջոցները ունին, կ՛ապրին քաղաքներուն մէջ, ճաշարաններ կ՛երթան եւ օդը ապականացնող փոխադրական միջոցներ կը գործածեն:
  • Սոմալիան, Եթովպիան, Քենիան, Ուկանտան, Ճիպութին եւ Սուտանը չորութենէ կը տառապին: Անոնք իրենց ժողովուրդը կերակրելու միջոց չունին: Իսկ այս երկիրներուն դուրսէն ղրկուած օգնութիւնները խոչընդոտներու կը հանդիպին այդ երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող պատերազմներուն պատճառով:
  • 2050 թուականին Հնդկաստանը պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող երկիրը: Անոր տնտեսութիւնը արագօրէն կ՛աճի, սակայն ժողովուրդին մեծ մասը տակաւին չ՛օգտուիր այդ երեւոյթէն: Հնդիկ պատանիներուն կէսը անօթութենէ կը տառապի:
  • 30 հոկտեմբեր 2011-ին, կէս գիշերէն երկու վայրկեան առաջ երկրագունդը ընդունեց փոքրիկ ֆիլիփինցի Տանիքան, որ ՄԱԿ-ի կողմէ յայտարարուեցաւ երկրագունդին պաշտօնական 7 միլիառերորդ բնակիչը: Սակայն գործնականօրէն կարելի չէ գիտնալ իսկապէս, թէ որուն կը պատկանի այս տիտղոսը:
  • Եթէ դուն 12 տարեկան եղար 2012 թուականին, ծնունդի տարիդ աշխարհի բնակչութիւնը 6 միլիառէն քիչ մը աւելի էր: 1,3 միլիոն երեխայ ծնած է նոյն տարին: Այժմ բնակչութեան 78 առ հարիւրը քեզմէ աւելի տարիքոտ է, եւ 22 առ հարիւրը քեզմէ աւելի փոքր:

 

Եթէ Աշխարհը 100 Բնակիչով
Գիւղ Մը Ըլլար…

61-ը պիտի ըլլային ասիացի,
14-ը ափրիկեցի,
11-ը եւրոպացի,
9-ը հարաւ-ամերիկացի,
5-ը հիւսիս-ամերիկացի,
եւ նուազ քան 1-ը ծագումով
Ովկիանիայէն պիտի ըլլար:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ

  • 56 միլիոն տարիներ առաջ ձիերը տնային կատուներու հասակը ունէին:

 

 

 

 

 

  • Հին ժամանակներուն, մարդիկ իբրեւ դեղ կը ծամէին ուռենիի կոճղի կեղեւը:
  • Ամէն ամիս նոր երկնաքեր մը կը բարձրանայ Չինաստանի մէջ:
  • Ընձուղտ մը օրական մէկուկէս ժամ կը քնանայ:
  • Ոտքերով օժտուած ամէնէն արագ մարդամեքենան կրնայ փիղէն աւելի արագ վազել:

 

 

 

 

 

 

  • Գոյութիւն ունի Մոխրիկի պատմութեան աւելի քան 700 տարբերակ:
  • Միացեալ Նահանգներու, Արիզոնա նահանգի Սուփայ հեռաւոր քաղաքին մէջ նամակները տակաւին ջորիով կը ղրկուին:

 

 

 

 

 

  • Համպըրկըր մը շինելը կը կարօտի մօտաւորապէս 1741 լիթր ջուրի:

 

 

 

 

 

 

  • Երեխաները մէկ վայրկեանին մէջ միայն մէկ կամ երկու անգամ կը թարթեն իրենց աչքերը. մինչ չափահասները իրենց աչքերը կը թարթեն 10-15 անգամ:
  • Քանատայի Նիւ Ֆաունտլէնտ շրջանի Թիլթ գիւղին քով բնակչութեան թիւը 5 է:
  • Աշխարհի 10 ամէնէն թունաւոր օձի տեսակները կ՛ապրին Աւստրալիոյ մէջ:
  • 1461 անձէն մէկը ծնած է 29 փետրուարին:
  • Ողիմպիական ջահը կը ճամբորդէ իր անձնական պահակներուն հետ:
  • Հագուստի օրինակներ հնարող մը շինեց ամբողջովին կաթէ պատրաստուած կերպասի նոր տեսակ մը:
  • Նասքար ինքնաշարժերու մրցաշարքին մասնակցողները կրնան 2.3 -4.5 քիլօ քրտինք թափել մէկ մրցումի ընթացքին:

 

Աշխարհի Ամէնէն…

Հարուստ երկիրները`
Եւրոպական երկիրները, Միացեալ Նահանգներ, Ճափոն:

Շատ բնակուած քաղաքները`
1.- Թոքիօ
2.- Մեքսիքօ
3.- Նիւ Եորք
4.- Սաօ Փաոլօ
5.- Պոմպէյ

 

Աշխարհի Մրցանիշերէն

Ինչպէ՞ս է մեր միջազգային բնակչութեան վիճակը: Ահա 4 երկիրներ, որոնք մրցանիշեր կ՛արձանագրեն:

Նիկերիա` Ամէնէն Երիտասարդը

Բնակչութեան 49 առ հարիւրը 15 տարեկանէն փոքր է: Իւրաքանչիւր նիկերիացի կին միջին հաշուով 7 զաւակ կ՛ունենայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

Ճափոնը` Ամէնէն Տարիքոտը

Ճափոնցիներուն 23 առ հարիւրը աւելի քան 65 տարեկան է: Ճափոնցի այր մարդիկը միջին հաշուով կ՛ապրին 80 տարի, իսկ ճափոնցի կիները` 86 տարի: Հոն կը գտնուին աշխարհի ամէնէն մեծ թիւով հարիւր տարեկան եղող անձերը: Անոնց երկար կեանքին գաղտնիքը` շատ առողջ սննդականոնն է:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Չինաստանը` Ամէնէն Շատ Բնակիչ Ունեցողը

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին 1.3 միլիառ չինացի: Մեր մոլորակին վրայ 7 բնակիչէ մէկը չինացի է: Սակայն բնակչութեան այս մեծ թիւը հարցեր կը յառաջացնէ: Ասոր պատճառով, 1970-ական թուականներու չինական կառավարութիւնը մէկ ընտանիքի միայն մէկ զաւակի դրութիւնը հաստատած է:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հնդկաստանը` Ամէնէն Արգաւանդը

Ամէն տարի մօտաւորապէս 28 միլիոն երեխայ կը ծնի Հնդկաստանի մէջ: Սակայն, դժբախտաբար, հոն ամէն տարի կ՛արձանագրուին նաեւ 1 տարեկանէն փոքր երեխաներու ամէնէն մեծ թիւով մահերը (մօտաւորապէս 1.4 միլիոն):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

* Գիտէի՞ր, թէ 100 տարիէն Ափրիկէն պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ բնակուած ցամաքամասերէն մէկը: 4 բնակիչներէն մէկը ափրիկեցի պիտի ըլլայ:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել ակռայի խոզանակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել նկարը` տուփիկներուն հետեւելով: որուն դիմաց ոչ մէկ պատնէշ կը դիմանայ:

Share this Article
CATEGORIES