ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Շեփորախումբին Մասնակցութեամբ` Լիբանանի Անկախութիւնը Նշուեցաւ Ռաշայայի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը անգամ մը եւս բարձր պահեց  Այնճարի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան անունը` ընդառաջելով «Իթթիհատ պալատիեադ Ժապալ Շէյխի» քաղաքապետութեանց հրաւէրին:

Ներկայ էին նախագահին ներկայացուցիչն ու այլ պաշտօնական հիւրեր:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012-ին` առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ռաշայայի հրապարակին վրայ: Պաշտօնական բացումը կատարեց բանակի շեփորախումբը, որ կատարեց դրօշակի արարողութիւն, ապա ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը նուագեց լիբանանեան քայլերգը: Նուագներէն ետք խօսք առին «Իթթիհատ պալատիեադ Ժապալ Շէյխի» տարբեր շրջանի քաղաքապետները` շեշտելով Լիբանանի անկախութեան կարեւորութիւնը:

Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ, ներկաները ուղղուեցան դէպի Ռաշայայի բերդը, ուրկէ 69 տարիներ առաջ ծնունդ առած էր Լիբանանի անկախութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը հրամցուց փունջ մը հայկական եւ արաբական եղանակներ` ճոխ մթնոլորտ ստեղծելով եւ զարմացնելով ներկաները:

Share this Article
CATEGORIES