Ընտրական Օրուան Անդրադարձ

ՀԵՐՐԻ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ

Շատ ցուրտ երեքշաբթի առաւօտ մըն էր, երբ սպասեցի, որ ընտրական կեդրոնը բացուի իր բոլոր քարտուղարներով եւ գիտարուեստի մասնագէտներով: Առաւօտեան ժամը 9:00 էր, երբ քուէարկողներու երկար շարքը սկսաւ կեդրոն մուտք գործել:

Մենք Լենոքս Հիլի տարեց քաղաքացիներու հիւրասրահին մէջ էինք: Մինչեւ մուտք գործելու կարգս հասնի, արդէն ժամը 10:30 եղաւ: Պէտք էր անցագիրս եւ քուէաթղթիկս ցոյց տայի, որպէսզի ճշդէին, թէ քուէաթղթիկ լեցնելու ցուցմունք ստանալու համար ո՞ր սեղան պէտք է ուղղուէի, որմէ ետք ալ մօտենայի համակարգիչին եւ քուէս նետէի անոր մէջ:

Որո՞ւ քուէարկեցի. կը ներէք, ատիկա «ռազմական» գաղտնիք է եւ ուրիշին չի վերաբերիր: Եթէ թեկնածուս յաղթանակ արձանագրէ, յաջողութի՜ւն ինծի եւ բարեկամ քուէարկողներուս: Երբ Լենոքս Հիլէն հեռացայ, արդէն 11:30-ը անցած էր: Անկիւնին վրայ պտղավաճառի կառքէն քիչ մը պտուղ գնեցի եւ տուն վերադարձայ: Հանգչելու համար անկողին մտայ, քիչ մը ջերմացայ եւ լաւագոյնը յուսացի:

Մինչ այդ, ըստ տարաձայնութեանց, նախագահ Օպամա իր ժամանակը կ՛անցընէր մարզախաղերով: Սակայն քիչեր գիտէին, թէ պրն. Ռոմնի ի՛նչ կ՛ընէր:

Այս օրէն որոշ յուշեր ունիմ: Ահաւասիկ անոնք, եւ կը յուսամ, որ դուք ալ զանոնք սիրէք եւ այս օրը վայելէք, ինչպէս ես վայելեցի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES